Կը Մեկնարկէ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ներուժ» Ծրագիրը.տեսանիւթ

Սփիւռքի Նախարարութիւնը FAST Եւ IDEA Հիմնադրամներու, Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցի (UWC) Եւ Impact Hub Yerevan-ի Հետ Համատեղ Կը Մեկնարկէ «Ներուժ» Ծրագիրը:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ սփիւռքի մէջ բնակող 18-35 տարեկան այն հայ երիտասարդները, որոնք ունին գործարար գաղափար: Յաղթողները կը ստանան մինչեւ 15 մլն դրամ աջակցութիւն: «Ներուժ»-ի նպատակն է Սփիւռքի հայ ձեռներէցներուն համար հնարաւորութիւն ստեղծել սթարթափները բերել Հայաստան եւ բարելաւել երկրին մէջ սթարթափներու համակարգը:

Ծրագիրը կ’իրականացուի 2018 թուականի դեկտեմբեր 16-էն 21 Հայաստանի` UWC Դիլիջան քոլեջին մէջ:

  Չորսօրեայ ձեռնարկի գերակայ նպատակներն են`

  • հայ երիտասարդ ձեռներէցներուն համար հարթակներ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծել` Հայաստանի մէջ գործարարութեամբ զբաղուելու համար.
  • օժանդակել էկոհամակարգին եւ կառուցել ամուր ու առողջ սթարթափային էկոհամակարգ.
  • Ապահովել կիրառական ուղղութիւն` ինչպէս կառուցել արժէք ստեղծող, առեւտրապէս կենսունակ եւ ճկուն սթարթափային գործարարութիւն.
  • Կառուցել եւ օգտագործել առանցքային սթարթափային գործի զարգացման հմտութիւններ.
  • հնարաւորութիւններ ստեղծել համագործակցութեան եւ ֆինանսաւորման համար:

Ծրագիրի թիրախային ոլորտներն են գիւղատնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը եւ նորարար արհեստագիտութիւնները:

Դիմելու վերջնաժամկէտն է 2018թ․ սեպտեմբեր 13:

Ծրագիրին վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ մասնակցելու համար պէտք է այցելել ծրագիրի պաշտօնական կայքը` http://neruzh.am/:

Scroll Up