Եւրոպայի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները Տեսակապով Հանդիպեցան Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի Հետ
Ապրիլ 10-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան տեսակապով հանդիպում ունեցաւ Եւրոպայի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման կը մասնակցէին ՀԲԸՄ Փլովտիւի մասնաճիւղի խորհուրդի անդամ, «Բարեգործականի ձայն» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Էրնիասեան, Կիպրոսի «Կիպրահայեր» անգլելէն ել. պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, Կիպրոսի ՀՅԴ եւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիմոն Այնէճեան, Յունաստանի «Ազատ օր» եւ «Արմենիկա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, տնօրէն Մայք Չիլինկիրեան, Գերմանիոյ «ADK » ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Րաֆֆի Քանտեան:
Ողջունելով տեսակապի մասնակիցները` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան համառօտ ներկայացուց նախարարութեան յետագայ կարգավիճակը, անդրադարձաւ Սփիւռքի գործերու յատուկ յանձնակատարի եւ անոր գրասենեակի ապագայ գործունէութիւնը, գործառոյթները, առաջնահերթութիւններն ու նոր տրամաբանութիւնը, կարեւորեց գրասենեակի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու միջեւ համագործակցութեան շարունակականութիւնը եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը:
«Գրասենեակը հիմնականին մէջ պիտի աշխատի 4 ուղղութեամբ` հայրենադարձութիւն եւ ընդելուզում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներուն աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ սփիւռքի ներուժի նպատակային օգտագործում Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Գրասենեակը պիտի համակարգէ միւս 12 նախարարութիւններու սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքը, պիտի մշակենք հայապահպանութեան համապարփակ ռազմավարութիւն: Սփիւռքի գործերու յատուկ յանձնակատարի գրասենեակը պիտի դառնայ կամուրջ Հայաստանի եւ համայնքներու միջեւ: Այս փոփոխութիւնները կատարուած են հաշուի առնելով նաեւ սփիւռքի նախարարութեան բացթողումները, թերութիւնները: Փորձ եղած է ձեւաւորել կառավարման գործիք: Նոր ձեւաւորուող գրասենեակի հիմնական գործառոյթը սփիւռքի հետ աշխատանքի ռազմավարութեան մշակումն է, ի հարկէ քննարկելով սփիւռքի ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու, մասնագէտներու հետ», – նշեց Տէր Գրիգորեան:
Լրագրողները հարցեր հնչեցուցին սփիւռքի նախարարութեան պահպանման, դասագիրքերու առաքման, համաժողողովներու կազմակերպման հնարաւոր զարգացումներու վերաբերեալ: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան վստահեցուց, որ գրասենեակը նպատակ ունի եւ պատրաստ է աշխատելու բոլորին հետ հաւասար ու աւելցուց. « Սփիւռքի հետ աշխատանքին մենք կարեւոր կը համարարենք արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Յանձնակատարի գործառոյթներէն մէկն ալ մօտիկէն ծանօթանալն է համայնքին մէջ առկայ խնդիրներուն ու փորձել աջակցիլ ատոնց լուծմանը»: