Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալը

Յունիս 26-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թէրենս-Նիկոլաոս Քուիքը:

Շնորհաւորելով նախարար Մխիթար Հայրապետեանը պատասխանատու պաշտօն ստանձնելու առթիւ` Թէրենս-Նիկոլաոս Քուիքը նշեց, որ Հայաստանի սփիւռքի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ ստորագրուած Սփիւռքի հարցերու շուրջ փոխըմբռնման յուշագիրը համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալն ընդգծեց, որ երկու երկիրներն ունին պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական կապեր, եւ հայ ու յոյն սփիւռքերու համագործակցութիւնը կը նպաստէ այդ կապերու առաւել սերտացման:

«Մենք լիայոյս ենք, որ այս համագործակցութիւնը կ’ընդլայնուի նոր, երիտասարդական գաղափարներով»,-շեշտեց Թէրենս-Նիկոլաոս Քուիքը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցի համար` նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ առկայ է կամք, ոգեւորութիւն եւ դրական եռանդ փոխճանաչողութիւնն ու փոխգործակցութիւնը շարունակելու համար: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի առկայութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ երեք պետութիւններու սփիւռքները աշխոյժ կը համագործակցին, կը ստեղծուին նոր կամուրջներ, ընդհանուր հարթակներ:

Հանդիպման հեռախօսազանգով միացաւ Կիպրոսի նախագահի հումանիտար եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուն: Ան ընդգծեց, որ կիպրահայերն աչքի կ՛իյնան իրենց աշխուժութեամբ եւ ազգային դիմագիծով: Կողմերը հանդէս եկան յետագայ սերտ եւ ընդգրկուն համագործակցութեան պատրաստակամութեամբ:

 

Scroll Up