Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի ՄԷջ Արդիւնաբերութեան Ոլորտին ՄԷջ Սփիւռքահայ Ներդրողներու Արտադրանքներու Ցուցահանդէս-Վաճառքը

Մայիս 5-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ «Երեւան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը:

Ցուցահանդէս-վաճառքի բացման ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարը շրջեցաւ տաղաւարներով, ծանօթացաւ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու գործունէութեան, հետաքրքրուեցաւ արտադրական գործընթացքի նորարութիւններով եւ խնդիրներով, դիտեց «Աշխարհի կեդրոնէն տիեզերքներէն մէկուն մասնիկը»  հայկական առաջին 360  աստիճան ֆիլմը, պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն: Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց.««Պատրաստուած է Հայաստանում» ապրանքանիշը կրող արտադրանքները միջազգային շուկայում գնալով դառնում են աւելի ընդունուած, պահանջուած եւ տարածուած: Նման ցուցահանդէսներով մենք պէտք է խրախուսենք  սփիւռքահայ ներդրողներին եւ աշխատենք օրինակ վերցնել հայրենադարձուած մեր հայրենակիցներից, ովքեր աշխատանքի եւ արտանդրանքի որակի  հանդէպ  պատասխանատուութեան իւրայատուկ մօտեցում ունեն: Այս առումով նրանց արտադրանքները մրցունակ են եւ նորարարական: Հայրենիքում սփիւռքահայ արտադրողների համար պայմաններ են ստեղծւում, նրանց գործունէութիւնը դիւրացնելու նպատակով  որոշակի քայլեր են իրականացւում: Վերջին ժամանակաշրջանում, մասնաւորապէս տնտեսական ոլորտում կառավարութիւնը հարկային արտօնութիւններ է սահմանւում սփիւռքահայ ներդրողների եւ արտադրողների համար: Մեր ուշադրութեան կենտրոնում շարունակում են մնալ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները, որոնցով յատկապէս զբաղւում են Հայաստանում հաստատուած սիրիահայերը»: Նախարարը նշեց, որ ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայ սփիւռքահայ ներդրողները եւ արտադրողները Հայրենիք վերադարձած են տարբեր երկիրներէ` ԱՄՆ, Ռուսաստան, Սուրիա, Լիբանան եւ այլն:

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին սուրիահայ գործարար Ալեքսան Գարատանայեան, որ Հայաստանի մէջ հիմնած է “Alexan Art” եւ “Sona Print” ընկերութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար: «2012 թուականի հոկտեմբեր 24-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ փոքր եւ միջին գործարարութեան սուրիահայ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան հայաստանեան  գործուածքներու  ոլորտի արտադրողներուն հետ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց մեզի եւ ամուր գործակցութեան հիմք դրաւ: Մեծ է նախարարութեան դերակատարութիւնը մեր գործարարութեան կայացման գործին մէջ, քանի որ առաջին համագործակցութեան առաջարկները ստացած ենք հէնց Սփիւռքի նախարարութեան մէջ»,-ըսաւ Ալեքսան Գարատանայեան:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ  ժամը 20.00:

%d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd1 %d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd3 %d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%bd4

Scroll Up