ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութենէն Ներս Տեղի Ունեցաւ Հադիպում Հայաստան Հաստատուած Հայրենադարձներու Հետ

Փետրուար 2-ին «Մեր օրերու հայրենադարձները` տուն դարձածները» շաբթուան ծիրէն ներս  ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ տարբեր երկրներէ եկած եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած բազմաթիւ հայրենադարձներու հետ:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Դահլիճում ներկայ են Հայրենիքում հաստատուած մեր հայրենակիցները աշխարհի բազմաթիւ երկրներից: Հայրենիքում ապրելու որոշմամբ դուք աշխարհին ու Հայաստանին ցոյց էք տուել ձեր մարդկային բնութագիրը: Եւ մեր այս հաւաքը գալիս է փաստելու, որ Հայաստան նաեւ վերադառնում են: Մեր երկրում մենք պարտաւոր ենք պահպանել լաւը, իսկ վատը` շտկել` մշտապէս առաջ մղելով «Հայաստա՛նն է իմ տունը» կարգախօսը: Հայաստանում վերջին 4-5 տարիների ընթացքում հաստատուեցին նաեւ հազարաւոր սիրիահայեր, եւ ես ուրախ եմ, որ իրենց հետ մեր հայրենակիցները բերեցին ապրելու, ստեղծագործելու նոր մշակոյթ, նոր մօտեցումներ»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ քիչ չեն նաեւ այն հայորդիները, որոնք կեանքի բերումով կը գտնուին մշտական շարժման մէջ, բայց իրենց մեծ ներդրումը կը բերեն եւ կը շարունակեն բերել Հայրենիքի զարգացման գործին:

«Գըրգ Գրգորեանի, Էտուարտօ Էռնեկեանի, Սամուէլ Կարապետեանի, Ռուբէն Վարդանեանի, Վաչէ Մանուկեանի, Սեմ Սիմոնեանի, Ջերալդ Գաֆէսճեանի, Վահագն Յովնանեանի, Սերգէյ Համբարձումեանի, Լեւոն Հայրապետեանի, Սերգէյ եւ Նիկոլա Սարգիսով եղբայրների, Րաֆֆի Մէգերեանի եւ միւսների անունները, նրանց կատարած գործերը բոլորիս են յայտնի: Այսօր էլ բոլորիս յայտնի Գաբրիէլ Ջեմբերջեանը ամէնուր բազում խնդիրների լուծմանն է փորձում աջակցել», – նշեց նախարարը:

Ձեռնարկին լուսապատկերներով ներկայացուեցան աշխարհի այն նշանաւոր հայերու պատմութիւնները, որոնց ներդրումները անկախութեան տարիներուն էական դեր  խաղցած են Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ: Ներկաները դիտեցին հայրենադարձներու մասին տեսանիւթեր:

Իրաքէն վերադարձած երկրաբան-ոսկերիչ Վարանդ Պետրոսեան նշեց, որ ինք վերադարձած է իր երազած երկիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու մերձեցման, հայրենադարձութեան խթանող ծրագիրներ իրականացնելու համար:

Սուրիահայ հայրենադարձ երգիչ, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան առանձնայատուկ հպարտութեամբ շեշտեց, որ այս տարի կը լրանայ իր` Հայաստան հաստատուելու 30 տարին: «Մենք մեր կամքով չէ, որ ծնած ենք օտար հողի վրայ, բայց մեր կամքով կրնանք հայրենադարձուիլ», – ըսաւ ան:

Իրանէն վերադարձած Տիանա Յովսէփեան իր օրինակով հաւաստիացուց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է գայ Հայաստան եւ այստեղ որոշէ` ինչ ընել Հայրենիքի համար:

Գործարար Քրիստիան Կելիճին (Հոլանտա), որ Հայաստանի մէջ աւելի քան 1200 աշխատատեղ  ստեղծած է, նշեց. «Ես ուրախ եմ, որ իմ ինը երեխաներս ծնած են այս սուրբ հողին վրայ: Մենք օտարութեան մէջ ապրած ենք Հայրենիքը տեսնելու կարօտով, ուստի  իմ զաւակներուս տուած եմ այն, ինչէն ես զրկուած  եղած եմ»:

Գործարար Ստեփան Սարգսեան (ԱՄՆ) համոզում յայտնեց, որ դուրսը ապրող հայերը պարտաւոր են իրենց ձեռքբերած փորձն ու գիտելիքները ծառայեցնել Հայաստանը շէնացնելու գործին:

Քոււէյթէն բանասէր Ֆրիտա Գզլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան` Հայաստանի մէջ` իր ընտանիքը հաստատուելու գործին մէջ աջակցելու համար:

Սուրիայէն սրտաբան  Ճորճ  Բարսեղեան նոյնպէս, շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան սուրիական պատերազմի սկիզբը սուրիահայերու կողքին կանգնելու եւ աջակցելու համար` նշեց. «Մենք մշտապէս զգացած ենք տիկին Յակոբեանի հոգատարութիւնը եւ անպայման կ’ուզեմ շեշտել, որ Հայաստանի մէջ ապրիլը զոհաբերութիւն չէ, այն մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտքն է»:

Լիւսի-Վանա Կարապետեան, ասմունքելով Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը, նշեց. «Հայաստանը իմ ուժս է, իմ երազանքս, որ իրականութիւն դարձաւ այստեղ հաստատուելով»:

Գանատայէն  հայրենադարձուած, ՀՅԴ Հայ դատի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան նոյնպէս ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ ապրիլը զոհողութիւն չէ: «Հայաստան միակ վայրն է, ուր ինքզինքս տէր կը զգամ », – նշեց ան:

Իրաքահայ պատմաբան Սեդա Օհանեան ընդգծեց, որ հպարտութեամբ կը կրէ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրը: Ան ՀՀ սփիւռքի նախարարին նուիրեց Իրաքի հայ համայնքի մասին պատմող իր աշխատութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ սուրիահայ հայրենադարձ, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակից Նայիրի Մուրատեան եւ առաջարկեց ստեղծել հայրենադարձներու հարթակ:

Ձեռնարկին ընթացքին սկիզբ առաւ «Հայաստա՛նն է իմ տունը» շարժումը:

Համերգային կատարումներով հանդէս եկան հայրենադարձ երաժիշտներ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ), Գէորգ Հաջեան, ուտահար Ճորճ Վանէսեան, Արարատեան հայրապետական թեմի  «Ծաղկազարդ» համոյթը, Դաւիթ եւ  Շահէ Իսպիրեանները եւ Արաքս Քալիճեանը:

 

 

Scroll Up