Նոր Մեկնարկ Տալով Ռուսաստանի Հայ Համայնքին Հետ Յարաբերութիւններու Առողջացման

Մարտ 28-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան տեսակապով հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ, պատասխանեց անոնց յուզող հարցերուն:
Ասուլիսային ձեւաչափով հանդիպման ներկայ էին «Նոեւ կովչեգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգորի Անիսոնեան, «Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիվարգիզեան, «Տոնի Նախիջեւան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վարդան Աբրահամեան, «АНТ�?ТОПОР» տեղեկատուական-վերլուծական հարթակի հիմնադիր, լրագրող, պլոկեր Վատիմ Յարութիւնովը, Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի ղեկավարի տեղակալ, լրագրող Վահան Բաբախանեան, «Մասեաց աղաւնի» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վահան Վերմիշեան, «Օստրովոկ Նաիրի» թերթի գլխաւոր խմբագիր Անահիտ Խաչատրեան, «Ռուսաստան-Հայաստան» տեղեկատուական-վերլուծական կայքի հիմնադիր, գլխաւոր խմբագիր Արամ Խաչատրեանը, «Հիւսիսափայլ» կայքի խմբագիր Դաւիթ Բալայեան, լրագրող Եուրի Կարապետեան:
Ողջունելով տեսակապի մասնակիցները` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդգծեց, որ նմանատիպ անմիջական հանդիպումները պարբերաբար պիտի ըլլան, եւ փորձ կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը սկսիլ հէնց այստեղէն: Տէր Գրիգորեան խօսեցաւ հաւաքի հիմնական նպատակին մասին` ներկայացնելով սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորումն ու վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծուող Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի յետագայ գործունէութիւնը, ուղղութիւնները: Նշեց, որ գրասենեակը, ըլլալով համակարգող եւ մշտադիտարկող մարմին, ծրագիրներ պիտի չիրականացնէ, պիտի համակարգէ նախախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու աշխատանքերը սփիւռքի գիծով, յանձնակատարն իր հերթին սահամանափակուած պիտի չըլլայ նախարարական պարտականութիւններով, յաճախ պիտի այցելէ սփիւռքի համայնքներ:
Այս ծիրէն ներս սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը կարեւորեց Ռուսաստանի հայ համայնքի հետ աշխատանքը` որպէս ամենամեծ եւ Հայաստանին ամենամօտ համայնքներէն մէկը, նկատեց, որ անցեալին հայ համայնքին հետ աշխատանքերուն թերութիւններ եղած են, եւ հիմա յարաբերութիւններու առողջացման նոր մեկնարկ կը տրուի:
«Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիվարգիզեան հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք 12 նախարարութիւններն ալ սփիւռքի հետ կապերու ստորաբաժանումներ ունին: Ըստ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի` այն նախարարութիւնները, որոնք անգամ չունին այդ բաժինները, ծրագիրներու իրականացման բաժիններ ունին եւ կրնան ծրագիրները կեանքի կոչել, ի հարկէ, համագործակցելով գրասենեակին հետ: Այս առումով գրասենեակը կապող օղակ պիտի ըլլայ, համակարգելով եւ մշտադիտարկելով պիտի բարձրացնէ արդիւնաւէտութիւնը, ըլլալով վարչապետի աշխատակազմին մէջ` պիտի ունենայ համակարգման աւելի արդիւնաւէտ գործիքներ: Սփիւռքի հետ գործակցութեան ռազմավարութիւնը, քաղաքականութիւնը, գաղափարներու մշակումը, ընթացքի մշտադիտարկումը պիտի կատարէ յանձնակատարի գրասենեակը:
«Նոեւ կովչեգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգորի Անիսոնեան հարցուց, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ գրասենեակի աշխատակազմը, քանի աշխատակից պիտի ունենայ, ինչ ծաւալի աշխատանք անոնք պիտի կատարեն եւ պիտի կարենան աշխատիլ համասփիւռք հայութեան հետ: Տէր Գրիգորեան պատասխանեց, որ գրասենեակը սկզբնական շրջանին պիտի ունենայ մինչեւ 30 աշխատակից, եւ անոնց առաջնային առաքելութիւններէն պիտի ըլլայ հէնց հայ համայնքներուն հետ կապի ամրապնդումը, պետութեան նոր մօտեցման` համայանքներուն աջակցութեան կեանքի կոչումը:
«Մասեաց աղաւնի» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վահան Վերմիշեան խնդրեց հնարաւորիս շատ տեղեկատուութիւն տրամադրել նոր կառոյցին, անոր աշխատանքներուն վերաբերեալ, որպէսզի համայնքը եւս տեղեկացուած ըլլայ փոփոխութիւններու ողջ ընթացքին մասին:
Ռոստովի հայ համայնքէն ցանկացան ճշդել` արդեօք պիտի շարունակուի «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրը: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան շեշտեց, որ յանձնակատարի գրասենեակը ծրագիրներ պիտի չիրականացնէ, սակայն տարբեր ծրագիրներ նոր ձեւաչափերով եւ մասնաւոր հատուածի աշխոյժ ներգրաւածութեամբ պիտի շարունակուի եւ իրականացուին: Յետագային այդ ծրագիրներու մասին մանրամասն տեղեկատուութիւն կը ներկայացուի:
Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի ղեկավարի տեղակալ, լրագրող Վահան Բաբախանեան խօսեցաւ նախարարութեան կից հանրային խորհուրդի մասին, որ այժմ չի գործեր, եւ հարցուց, թէ յետագային գրասենեակը կը պատրաստուի ստեղծել նմանատիպ խորհուրդ, ուր տարբեր համայնքներէ ներկայացուցիչներ կ՛ըլլան:
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ այդ ձեւաչափն արդիւնաւէտ չէ աշխատած, ներկայացուցչական չէ եղած եւ կը խախտէ այսօր գերակայող հիմնական սկբզունքը` բոլորին հետ աշխատիլ հաւասար: Ըստ անոր` այդ ձեւաչափը չի շարունակուիր, սակայն կը ստեղծուի նոր հարթակ, ուր համայնքներու բոլոր ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն կ’ունենան ներգրաւուելու:
«Ռուսաստան-Հայաստան» տեղեկատուական-վերլուծական կայքի հիմնադիր, գլխաւոր խմբագիր Արամ Խաչատրեան խօսեցաւ համացանցի հարթակով ատրպէյճանական կողմէ տարուող հակահայ քարոզչութեան եւ ընթացող տեղեկատուական պատերազմի մասին:
Աննա Գիվարգիզեան անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի բազմազանութեան ու սփիւռք-համայնք հասկացութիւններու տարբերութիւններուն, անհատներու դերին: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդգծեց` սփիւռքն այսօր համաշխարհային ցանց է` կազմուած եւ՛ կառոյցներէ ու կազմակերպութիւններէ, եւ՛ անհատներէ: Բոլորին հետ պէտք է հաւասար աշխատիլ, ոչ թէ նուազեցնելով համայնքերու ու կառոյցներու նշանակութիւնը, այլ բարձրացնելով սփիւռքահայու դերը: Ատիկա կը թելադրէ 21-րդ դարու ցանցային տրամաբանութիւնը: Ըստ Տէր Գրիգորեանի` այս ամէնուն հասնելու առաջին քայլը հայեցակարգի ճիշդ ձեւակերպումն է եւ այդ տրամաբանութիւնը կ՛արտայայտուի յետագայ գաղափարներու մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկում ծաւալուեցաւ նաեւ համահայկական օրակարգի ձեւաւորման, կապի նոր հարթակներ ստեղծելու, ատոնց գործիքակազմը ընդլայնելու, համայնքներու հետ անմիջական շփման վերաբերեալ:
Որպէս ամփոփում Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց, որ անպայմանօրէն եւ՛ նման հանդիպումները, եւ՛ կենդանի շփումները պէտք է շարունակուին սփիւռքի բոլոր հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն, մասնաւորապէս նաեւ Ռուսաստանի հայ համայնքին հետ: