Հունգարիոյ Հայ Ազգային Ինքնավարութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/IMG_4164.jpg)
Յունուար 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան նախագահ Սեւան Սարգիսեանը, տեղակալ Ալէքս Աւանէսեանը եւ Անդրանիկ Պելոզեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Սեւան Սարգիսեանը Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան նախագահ վերընտրուելու կապակցութեամբ:
Ան արժեւորեց Հունգարիոյ հայ համայնքի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ նշեց, որ Հունգարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան բացակայութեան պարագային կազմակերպութեան վրայ կը դրուի նաեւ համայնք-պետութիւն փոխյարաբերութիւններու պատշաճ իրականացման առաքելութիւնը:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքին համար: Անոնք նախարարին ներկայացուցին իրականացուած աշխատանքները, խնդրեցին աջակցիլ Փեթեր Փազմանի կաթոլիկ համալսարանին մէջ գործող հայագիտական ամպիոնի վերաբերեալ տեղեկատուութեան տարածման գործին: Սեւան Սարգիսեան մանրամասն պատմեց, որ ամպիոնին մէջ կ’ուսանին հունգարացիներ եւ դասերը կ’ընթանան անգլերէն լեզուով:
Նախարարը առաջարկեց դասընթացներուն ներգրաւել նաեւ հայ ուսանողներ, եւ կարեւոր համարելով հայոց լեզուի եւ ինքնութեան պահպանումը սփիւռքի մէջ` նշեց, որ ցանկալի է դասընթացները իրականացնել հայերէնով, այլապէս ամպիոնը չի կրնար համարուիլ լիարժէք:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն` Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, Արցախի, սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպական հարցեր, նախանշուեցան ընելիքները: