«Հայրենասիրութիւնը Նաեւ Հայրենիքի Համար Ապրելու Մէջ Է». Մայք Քոռուկեան
Յունուար 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց լիբանանահայ գործարար, Մայք Քոռուկեանը: Ան առաւել քան քսան տարի առաջ տեղափոխուած է ԱՄԷ, իսկ 2017 թ ան առաջին անգամ ընդգրկուած է ԱՄԷ Ազգային երեսփոխանական ժողովի կազմին, համայնքէն ներս կ’իրականացնէ հայանպաստ գործունէութիւն: Կը հանդիսանայ Շարժայի «INTERPLAST» ընկերութեան բաժնետէր:
Նախարարը կարեւոր համարեց անոր հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը համայնքին եւ Հայրենիքին մէջ: Մասնաւորապէս անդրադառնալով յայտնի գործարարին նաեւ հայրենիքի մէջ կայացած գործին:
Քննարկուեցան Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման, երիտասարդներու հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան աշխուժացման:
Մայք Քոռուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նշեց, որ նախարարութիւնը բաւական աշխոյժ կ’աշխատի սփիւռքի համախմբման, հայրենասիրական ոգին բարձր պահելու ուղղութեամբ. «Այդ ձեռնարկները շատ կարեւոր են, մարդոց արիւնը կը շարժեն, ոգին կ’արթնցնեն, ազգանուէր գործերու կը մղեն: Հայրենասիրութիւնը նաեւ Հայրենիքի համար ապրիլն է». աւելցուց ան :