Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը Ընդունեց Ասիական Զարգացման Դրամատան Ներկայացուցիչները
Փետրուար 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց Ասիական զարգացման դրամատան ներկայացուցիչ Ռաճէշ Վասուտեւանը եւ դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Գրիգոր Գիւրջեանը:
Շնորհաւորելով Ազգային ժողովի կողմէ կառավարութեան ծրագիրի ընդունման առթիւ` հիւրերը վստահութիւն յայտնեցին, որ այն իրապէս կրնայ բազմաթի դրական փոփոխութիւններ բերել երկրի զարգացման գործընթացներուն մէջ: Այնուհետեւ անոնք անդրադարձ կատարեցին Ասիական զարգացման դրամատան` Հայաստանի մէջ իրականացուցած եւ իրականացնելիք ծրագիրներուն ու ուղղութիւններուն` շեշտելով, որ դրամատունը կը գործակցի ինչպէս կառավարութեան, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածի, հասարակական կառոյցներու, միջազգային գործընկերներու հետ: Այժմ ալ դրամատունը կը մշակէ Հայաստանի հետ գործակցութեան 2019-2023 թթ. ռազմավարութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախ անդրադարձ կատարեց կառավարութեան կառուցուածքին մէջ իրականացուող փոփոխութիւններուն, մասնաւորապէս շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի վերակազմակերպուի եւ միանայ վարչապետի աշխատակազմին` ստեղծելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ: Այն իր առաջնահերթութիւններուն մէջ պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք փոխաջակցութեան, համահայկական օրակարգի ձեւաւորման, հայրենադարձութեան եւ ներգարաւման, Հայաստանի շուրջ սփիւռքի ներուժի համախմբման հարցերը:
Խօսելով Ասիական զարգացման դրամատան հետ սփիւռքի գծով համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններու մասին` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախ եւ առաջ նշեց, որ դրամատունը կրնայ իր իւրաքանչիւր նոր ծրագիրի մշակման փուլին ներգրաւել սփիւռքահայերուն, անոնց հնարաւորութիւնները, ներուժն ու գիտելիքները: Ան նաեւ նկատեց, որ սփիւռքի նիւթական կարողութիւններու կողքին առկայ են մարդկային անգնահատելի ներուժը, համահայկական միջազգային ցանցը, մասնագիտական հայրենադարձութիւն իրականացնելու հնարաւորութիւնները:
Նախարարի պաշտօնակատարը խօսեցաւ նաեւ սփիւռքի պարտատոմսերու թողարկման գաղափարի մասին, որ դեռեւս խիստ նախնական քննարկման փուլի մէջ է: Ըստ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի` սփիւռքն աշխուժօրէն կը մասնակցի Հայաստանի զարգացման գործընթացին, սակայն առկայ է զարգացման յստակ եւ մասնագիտական ծրագիրներու ներդրման բացը:
Հանդիպման աւարտին կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան հնարաւոր ոլորտներուն, ծրագիրներուն մէջ սփիւռքի բաղադրիչի ընդգրկման առնչուող հարցեր: