Տեղի Ունեցաւ «Նաիրի» Համահայկական Երաժշտական Փառատօնի Հիմնադիր Նիստը

Ապրիլ 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Նաիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի հիմնադիր նիստ` ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարներու, փառատօնի գեղարուեստական խորհուրդի, ժիւրիի եւ լրագրողներու մասնակցութեամբ:

Փառատօնի կազմակերպիչներն են ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Երգահաններու միութիւնը եւ «Նաիրի» հիմնադրամը: Նախագիծի հեղինակն ու ղեկավարը Սամուէլ Հարոյեանն է: Ծրագիրը կ´իրականացուի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ  գլխաւոր հովանաւորն է «Նաիրի սպա ռեզորթ» հիւրանոցային համալիրը:

Ողջունելով ներկաները`  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց «Նաիրի» փառատօնի կազմակերպիչները` նոր համահայկական փառատօնի ծնունդը ազդարարելու, հեղինակաւոր յանձնաժողով համախմբելու առթիւ, եւ աւելցուց. «Մեծ է հայ մշակոյթի դերը հայապահպանութեան գործում, եւ այդ առումով` այսպիսի ձեռնարկները մեծ ազդակներ են»:

ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նոյնպէս շնորհաւորեց ծրագիրի մեկնարկի կապակցութեամբ եւ նշեց. «Արուեստը լաւագոյն հարթակն է, որ կարողանում է ապահովել մեր միասնականութիւնը: Աշխարհի բոլոր անկիւններում սփռուած մեր հայրենակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան եւս մէկ ձեռնարկի միջոցով կապուել Հայաստանին, ծառայել Հայրենիքին: Կարեւոր է պահպանել ազգայինը»:

«Նաիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի նպատակը, խնդիրները եւ յառաջիկայ ծրագիրները ներկայացուց մշակութային գործիչ, «Նաիրի» փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան, եւ աւելցուց, որ «Բազմակարծութիւնը ճիշտ որոշում կայացնելու ամենալաւ ճանապարհն է»:

Երգահաններու  միութեան նախագահ Արամ Սաթեան խօսեցաւ «Նաիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի անուանակարգերու եւ մրցանակակիրներու մասին:

«Երեւան» համերգասրահի տնօրէն, գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իւանեան ելոյթ ունեցաւ փառատօնի այգիի հիմնադրման մասին:

Ամփոփելով «Նաիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի հիմնադիր նիստը` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց ժիւրիի կազմին մէջ անպայման սփիւռքահայ մշակութային գործիչներուն ընդգրկել, որպէսզի համահայկական մշակութային փառատօնին Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ունենալ: Նախարարը ընդգծեց նաեւ փառատօնին երիտասարդներու մասնակցութիւնը խրախուսելու կարեւորութիւնը:

12 3 4

Scroll Up