Վիրահայոց Թեմէն Ներս Թումանեանին Եւ Կոմիտասին Նուիրուած Ձեռնարկներու Մեկնարկը Կը Տրուի Փետրուար 19-ին. Գիսանէ Յովսէփեան

Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակներու յոբելենական ձեռնարկները կազմակերպելու նպատակով դեռ անցեալ տարի Վիրահայոց թեմի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած էր համայնքային յանձնախումբ մը: Յանձնախումբին նպատակի, առաքելութեան եւ իրականացուող ծրագիրներուն շուրջ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» կեդրոնի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեանի հետ.

– Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի անուններն անխզելիօրէն կապուած են Վրաստանի հետ: Դեռ անցեալ տարուան երկրորդ կէսին, յոբելենական տարուան ընդառաջ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Վազգէն եպս. Միրզախանեանի նախագահութեամբ ստեղծուեցաւ ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբ մը, որուն կազմին մէջ են Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան առաջին քարտուղարը, Վրաստանի հայկական մշակութային հաստատութիւններու, հասարակական կառոյցներու ղեկավարները: Յանձնախումբի աշխատանքներուն կը մասնակցին Վրաստանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւններու ներկայացուցիչները: Յանձնախումբի նպատակը յոբելեաններն ըստ արժանուոյն նշելն է: Ծրագիրներն ուղղուած են բոլորին անխտիր. մեծերուն ու փոքրերուն, հայերուն, վրացիներուն, բազմազգ Վրաստանի այլ ազգերու ներկայացուցիչներուն մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, հայաշատ շրջաններու, Պաթումիի, Ախալցիխայի մէջ եւ այլուր:

– Ին՞չ ձեռնարկներ կը նախատեսուի իրականացնել տարուան ընթացքին:

– Յանձնախումբի ծրագիրը բաւականին յագեցած ու ծաւալուն է, նշենք միայն, որ այս ծիրէն ներս կը նախատեսուին Թումանեանի ստեղծագործութիւններու վրացերէն թարգմանութիւններ ու տպագրութիւն, յոբելենական երեկոներ ու ցուցահանդէսներ, ազգային, հոգեւոր երաժշտութեան համերգային ծրագիրներ Թիֆլիսի  եւ տարածաշրջաններուն մէջ, թատերական նոր բեմադրութիւններ: Վրաստանի հայկական ԶԼՄ-ները տարուան ընթացքին պարբերաբար կ’անդրադառնան Յովհաննէս Թումանեանի ու Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու ստեղծագործութեան: Վրացական մամուլը եւս արդէն իսկ իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը պահէ յոբելեանները:

Եր՞բ պիտի տրուի ձեռնարկներու մեկնարկը:

– Ձեռնարկներու մեկնարկը կը տրուի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը` փետրուար 19-ին, Յովհաննէս Թումանեանի տունէն: Նոյն օրը տեղի կ’ունենայ յանձնախումբի հերթական նիստը, ուղիղ միացում կ՛ըլլայ Երեւանի ու Դսեղի թանգարաններուն հետ, որմէ ետք  Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ տեղի կ’ունենայ հոգեհանգստեան կարգ, գիրք նուիրելու արդէն աւանդական արարողութիւն: Երեկոյեան Խորհրդարանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի կ’ունենայ Թենգիզ Միկոյեանցի «Թումանեանի հետքերով» անհատական ցուցահանդէսի բացումը, Ինչպէս նաեւ գրական, գեղարուեստական ձեռնարկ: Ձեռնարկին կը մասնակցին Վրաստանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններու անդամներ, խորհրդարանականներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, գրողներ, նկարիչներ, մտաւորականներ…

– Ո՞ր տարածաշրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան ձեռնարկները:

– Ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան ամէնուր, ուր  հայ կայ, հայկական օճախ կայ: Ուրախալին այս առումով յետադարձ կապն է. յանձնախումբի ծրագիրները մասամբ հանրայնացուած են, եւ մարդոց կողմէ մեծ հետաքրքրութիւն կայ` ինչպէս յանձնախումբի ծրագիրներուն մասնակցելու, այնպէս ալ տեղական մակարդակով ծրագիրներ կազմելու, իրականացնելու առումով:

Լ.Ա.

Կից «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ձեռնարկներու ծրագիրը:

Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150-ամեակներուն նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներ

 

 

Scroll Up