«Սփիւռքահայ Երեխաներու Պատկերազարդմամբ Արեւմտահայերէնով Լոյս Կը Տեսնեն Թումանեանի Մանկական Ստեղծագործութիւնները». Անի Եղիազարեան
Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի`հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բազմապիսի ձեռնարկներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ նախատեսուած են իրականացնել տաղանդաշատ հայերու նուիրուած:
Յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը Սփիւռքի հետ կարեւոր նախագիծ մը կեանքի կոչած է: Յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ Յովհ. Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններու արեւմտահայերէն ժողովածուն` սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ երեխաներու պատկերազարդ նկարներով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Անի Եղիազարեանի հետ:
–Տիկի՛ն Եղիազարեան, ի՞նչ նախաձեռնութիւն կ՛իրականացնէք Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու հետ:
-Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի ծիրէն ներս Սփիւռքի հետ մեկնարկային աշխատանքները սկսած էինք դեռ նախորդ տարի:
Այս տարի կը լրանայ նաեւ Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակը, որ, ինչպէս գիտենք, մտերիմ, համագործակից ընկեր եղած է Թումանեանի հետ: Անոնց համատեղ աշխատանքը յատկապէս կ՛երեւի պատմաբան, թարգմանիչ եւ բանասէր Ստեփան Լիսիցեանի գլխաւորութեամբ հայոց լեզուի «Լուսաբեր» դասագիրքը կազմելուն: Դասագիրքէն շատ օրինակներ կը պահպանուին թանգարանի արխիւին մէջ, որոնք ուսումնասիրելուն պարզեցինք, որ Լեւոն Շանթը «Լուսաբեր»-ի յատուկ համարներ պոլսահայութեան համար փոխադրելուն` հիմնականին Թումանեանի ստեղծագործութիւնները փոխադրած է արեւմտահայերէնի: Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններէն շուրջ յիսունը` վիպերգներ, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ եւ այլն, շատ որակեալ, բարձր մակարդակով եղած փոխադրութիւններ էին, որոնք որոշեցինք մէկտեղել գիրքի մէջ:
Թումանեանի ստեղծագործութիւններու արեւմտահայերէն տարբերակը մէկ գիրքի մէջ ունենալու անհրաժեշտութիւնը` սփիւռքահայ երեխայի սեղանի սիրելի գիրքը դառնալն էր: Այս գաղափարը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ գիրքի ծնունդ առնելուն: Քանի որ երեխաներու համար նախատեսուած էր, ապա այն պէտք է ըլլար գունազարդ եւ շքեղ: Թումանեանն ալ, իր մանկական գործերը գրելուն, շատ կարեւոր կը համարէր նկարազարդումը եւ գեղեցիկ մատուցումը:
Բանաստեղծէն այս «ուղերձը» ունենալով` քիչ մը շեղուեցանք. որոշեցինք ո՛չ թէ արհեստավարժներուն տալ գիրքը նկարազարդելու, այլ` երեխաներու: Սա երկու խթանիչ հանգամանք ունի` նախ անոնք խորքէն կը ծանօթանան տուեալ ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելի պատասխանատու կ՛ըլլան` կարեւոր գործի մասնակիցը դառնալով: Շուտով ընթերցասէր հասարակութիւնը Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւնները հնարաւորութիւն կ’ունենայ ընթերցելու արեւմտահայերէն` սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ երեխաներու պատկերազարդմամբ:
– Յոբելենական նախագիծին մասին սփիւռքին ինչպէ՞ս տեղեակ պահեցիք:
– Ցաւօք, Հայկական սփիւռքը շատ մեծ է, բոլորին ընդգրկել հնարաւոր չէր: Հնարաւորինս շատ սփիւռքի դպրոցներու դիմեցինք` տարբեր համայնքներու նախնական մասնակցութեան յայտեր ուղարկելով: Բարեբախտաբար, արձագանքներն արդարացուցին մեր սպասելիքները:
Մասնակցելու ցանկութիւն յայտնեցին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ համահայկական այլ կառոյցներու ենթակայութեան ներքոյ գործող հայկական կրթօճախները, եւ ո՛չ միայն:
Կ. Պոլիս, Պոմոնթիի ՄխիթարեանՎարժարան
Տիանա Սանթուրեան, 12 տարեկան, «Հրաժեշտ»
– Մասնաւորապէս ո՞ր համայնքներէն եղած են արձագանքներ:
–ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ, Արժանթինի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Կ.Պոլսոյ հայկական համայնքներու հայկական կրթօճախներու 9-էն 15 տարեկան երեխաներ դիմած են: Ի դէպ, նախորդ տարուան վերջաւորութեան արդէն սկսանք ստանալ գունազարդ նկարները:
Այս դրութեամբ կը դժուարանամ նշելու, թէ քանի մասնակիցներ ունինք, քանի որ յստակ հաշուարկուած չէ: Յատուկ ձեւաւորուած յանձնաժողովն ընտրած է տուեալ ստեղծագործութեան նկարազարդման լաւագոյն գործերը: Համընկնումներէն խուսափելու եւ համակարգուած աշխատելու համար` մենք ստեղծագործութիւններն ուղղորդուած ենք ուղարկելու համայնքներ:
Գիրքը կազմման փուլի մէջ է: Շնորհանդէսը կը նախատեսենք մարտ ամսուն կազմակերպել, իսկ գիրքերը պետական մարմիններու, դեսպանատուներու միջոցով ուղարկել համայնքներ:
Համոզուած եմ, որ յետագային հոգեբաններն աշակերտներու աշխատանքներու հիման վրայ կրնան հետազօտութիւն իրականացնել` բացայայտելով, թէ որ երկրին մէջ ապրող երեխան ինչ հոգեկերտուածք ունի կամ թէ ինչպէս պիտի կարենայ հայկականութիւնն օտարութեան մէջ պահպանել: Ցցուն օրինակ բերեմ. անոնք իրենց աշխատանքներուն մէջ կը պատկերեն տուեալ երկրէն որեւէ խորհրդանշական մաս մը, սակայն զուգահեռաբար տուեալ նկարին մէջ կը փորձեն ամէն կերպ հայկական եռանգներով որեւէ նախշ աւելցնել:
Մեր ամբողջ նպատակն այն է, որ այս նախաձեռնութեան մասնակցած երեխաները գիրքի վայելքէն անմասն չմնան, եւ անոնց աշխատանքներն անպայման ընդգրկուին գիրքին մէջ:
Առհասարակ, պիտի չսահամանափակուինք Սփիւռքի հետ միայն այս համագործակցութեամբ: Պատրաստ ենք կառուցողական այլ ծրագիրներ նոյնպէս իրականացնել միասին` կրթական ծրագիրներու կազմակերպման, փոխայցելութիւններու, դասախօսութիւններու եւ այլ միջոցներով:
– Յառաջիկային կ՛ուրուագծուի՞ն նմանօրինակ համագործակցութիւններ:
– Հրաւէր նամակին մէջ նախապէս տեղեկացուցած էինք, որ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակի ծիրէն ներս կը նախատեսենք նաեւ համահայկական մրցոյթ կազմակերպել: Նախնական ծրագիրին համաձայն` սփիւռքի համար մրցոյթը երկու փուլով կ’իրականացուի ` գարնան եւ ամրան, լաւագոյնը կ’որոշէ ժիւրիի կազմը:
Դպրոցներուն մէջ մրցանակներու տեսքով պէտք է խրախուսեն աշակերտներուն: Նախապայման չէ միայն յաղթողներն ուղարկել, կրնան լաւագոյն յառաջադիմութիւն ցուցաբերածներուն եւս ներառել: Եթէ դպրոցը կամ համայնքը, որպէս յաղթանակի մրցանակ, տուեալ աշակերտին կամ աշակերտներուն ճանաչողական այցով ուղարկէ Հայրենիք, ապա մենք պատրաստակամ ենք Հայաստանի մէջ կազմակերպել անոնց պտոյտները Թումանեանի «ճամփեքով»: Սա մեր նախնական նախագիծն է, որ կը ցանկանք կեանքի կոչել: Սփիւռքի մէջ այս գաղափարին շուրջ հետաքրքրութիւն յառաջանալու պարագային թող մեզի միանան:
Սուրիա, Լաթաքիոյ Ազգային Ս. Նահատակաց վարժարան
Արազ Պետուրեան, 15 տարեկան, «Սուտասան»
-Տիկի՛ն Եղիազարեան, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը` փետրուար 19-ին, ի՞նչ կը սպասուի թանգարան այցելողներուն:
-Փետրուար 19-ին մեր մօտ կը սպասուի, ի հարկէ, թումանեանական տօնական շունչ` այդպիսով ազդարարելով բանաստեղծի յոբելեանը: Առաւօտեան 11-էն 17:00 թանգարանի ներսի հատուածն ու յուշային հատուածը լեցուած պիտի ըլլան հեքիաթային բաժիններով: Հեքիաթային մեծ դղեակ մը պիտի ըլլայ , ուր մարդիկ պէտք է պատրաստ ըլլան հանդիպելու «փորձութիւններ»-ու: Որպէս մրցանակ` անոնք պիտի յայտնուին Թումանեանի տան մէջ եւ պիտի հանդիպին Թումանեանը շնորհաւորելու եկած համաշխարհային մեծերուն:
Ամէն ինչ կենդանացած պիտի ըլլայ` օրուան խորագիրին համապատասխան, որ կը կոչուի «Ճամփորդութիւն Թումանեանի աշխարհ, կենդանի ցուցադրութիւն»:
Ի հարկէ, չենք սահմանափակուիր միայն այդ օրով: Տարուան ընթացքին նախատեսուած են նաեւ յատուկ ցուցադրութիւններ, առանձին թեմատիկ ցուցահանդէսներու ծիրէն ներս պիտի ներկայացուին այնպիսի նիւթեր, որոնք մինչ այժմ պահուած եղած են արխիւներու մէջ: Առհասարակ, մեր մօտ բոլոր տարիները թումանեանական են:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի