Արամ Մանուկեանի Նուիրուած Ձեռնարկ Հալէպի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Մուշեղ Իշխան» Գրական Յանձնախումբին, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, շուրջ 100 հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Արամ Մանուկեանի մահուան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Օրուան հանդիսավար, Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի անդամ Նանոր Նալպանտեան ձեռնարկը բաց յայտարարելով ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսք արտասանեց յանձնախումբի անդամ Անի Դաւիթեան-Ուրիշիկեան:
Ան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ.
«20-րդ դարը հայ ժողովուրդին տուած է հայոց ազատամարտի այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մեր ժողովուրդի գոյամարտի օրհասական պահերուն ցուցաբերած են ազգային, քաղաքական ու պետական գործիչներուն բնորոշ աներեւակայելի կազմակերպչական տաղանդ, նախաձեռնողականութիւն, երկաթեայ կամք ու վճռականութեան բացառիկ հետեւողականութիւն եւ շրջահայեացութիւն: Նման ազգային ու պետական մտածողութեան տէր գործիչներուն գլխաւորն էր Արամ Մանուկեան»:
Ապա անդրադառնալով ձեռնարկի նպատակին յայտնեց.
«Արամ Մանուկեանը յաւերժացնելու գաղափարէն մեկնելով, եկէք վայելենք Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը եւ մեր մտքերուն մէջ վերաթարմացնելով Արամին պատկերը, միշտ վառ պահենք անոր յիշատակը մեր եւ յառաջիկայ սերունդներու յիշողութեան մէջ»:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արամ Մանուկեանի կեանքին նուիրուած տեսերիզ մը, որուն ընթերցանութեամբ ընկերակցեցաւ Գրական Յանձնախումբի ատենապետ Քրիստ Գարամանեան:
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամներ՝ Սարին Հայրապետեան եւ Անի Գրատեան ընթերցեցին Արամ Մանուկեանի մասին հանրածանօթ դէմքերու վկայութիւններ:
Օրուան բանախօս Քրիստափոր Հապոյեան ներկայացուց Արամ Մանուկեան մարտիկն ու ղեկավարը։
Ան Արամի ամփոփ կենսագրութիւնը ներկայացնելէ ետք, անդրադարձաւ Վանի գործունէութեան, Արամի նկարագրային գիծերուն, 1915-ին Վանի յաղթական ինքնապաշտպանութեան շնորհիւ 70 օրուան փոքրիկ պետութեան մը ստեղծման, ապա Արամի Երեւանի գործունէութեան, մայիսեան յաղթանակին բերած իր ներդրումին եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման բերած իր նպաստին։
Գեղարուեստական յայտագիրով յանձնախումբի անդամ Մելինէ Պէզճեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Տիգրան Պետրոսեանցի «Արամ Մանուկեան» քերթուածը: Այնուհետեւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի անդամ Խաչիկ Աշճեան խրոխտ կատարումով մեներգեց «Արամ Մանուկեան» երգը, խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի, երաժշտութիւն՝ բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի:
Ընթերցուեցաւ այս առիթով յանձնախումբին առաքուած շնորհաւորագրերը:
Ապա մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Սեւան Տէիրմենճեան վարչութեան եւ յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսին՝ ծաղկեփունջ մը նուիրելով անոր:
Ներկաներուն օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան:
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատելէ ետք Գրական Յանձնախումբը եւ յատկապէս օրուան բանախօսը, այս նախաձեռնութիւնը համարեց ժողովուրդի գիտակցութեան բարձրացման իմաստով անհըրաժեշտ հանդիպում մը ու ըսաւ.
«Տիտան Արամը չապրեցաւ ինքնիրեն, այլ՝ ժողովուրդին համար: Եթէ չգտնուին Արամ Մանուկեանի ոճը, քաղաքական հասունութիւնը, կազմակերպչական կարողականութիւնը եւ գիտակցութիւնը ունեցող անձեր,մենք որպէս հասարակութիւն՝ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հաւանաբար կորսնցնենք գոյատեւելու մեր իրաւունքն ու կարելիութիւնը»:
«Արամ Մանուկեանի նման մարդիկ մահուընէ վերջ եւս կը գործեն ու կ’ապրին: Այսօր ալ մենք պէտք ունինք Արամի ներշնչող ներկայութեան: Հետեւաբար անհրաժեշտ է մտիկ ընել եւ լսել, թէ ի՛նչ կ’ըսէ Արամ հայուն եւ հայութեան»
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Ապա ներկաները պատշաճ հիւրասիրութիւն մը վայելելով զրուցեցին մեր ազգային կեանքին շուրջ: Անոնք ստացան նաեւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին պատրաստած փոքրիկ օրացոյցներէն:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Գրական Յանձնախումբի անդամները այնուհետեւ մտերմիկ հանդիպում եւ ջերմ զրոյց մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ: Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը նախաքայլ համարելով սոյն ձեռնարկը, հասարակութեան ազգային պատկանելիութիւնը ամրագրելու համար նորանոր ձեռնարկներու առաջարկներ ներկայացուց ու միտքեր փոխանակեց ներկաներուն հետ: