Սուրիահայ Վարժարաններու Վերամուտը Սեպտեմբեր 19-ին

Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան որոշումով Սուրիոյ պետական եւ մասնաւոր հատուածի բոլոր վարժարաններու վերամուտը կը սկսի Կիրակի 18 Սեպտեմբերին։
Հայկական վարժարաններու վերամուտը կը սկսի 18 Սեպտեմբերի յաջորդող Երկուշաբթին՝ 19 Սեպտեմբերին։
Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Հասիչէի, Քեսապի հայկական բոլոր վարժարանները (ազգային, յարանուանական եւ միութենական) կը նախապատրաստուին վերամուտի։
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: