Հայ Մը Վիրաւորուած Է Ժարամանայի Մէջ

Դամասկոսէն «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ անցնող երկու օրերուն բախումներ տեղի կ՛ունենային Դամասկոսի տարբեր արուարձաններու մէջ, եւ կը լսուէին պայթումներու եւ թնդանօթներու հարուածներու ձայները:

Պաշտօնական տուեալները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յաջողած է զինեալ խմբակներ ոչնչացնել Մոատամիէի, Քապունի եւ Զամալքայի մէջ: Ծանր մարտեր կը մղուին արեւելեան արուարձաններէն համարուող Մլեհայի շրջանին շուրջ` զինեալներու կեդրոնները ոչնչացնելու նպատակով:

Ասոր առընթեր սոյն շրջանին մօտ գտնուող Ժարամանա արուարձանը կիրակի օր ենթարկուեցաւ հրասանդի հրթիռարձակումի տարափի, որ հարուածեց բնակելի շէնքեր` պատճառելով տասնեակ վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Թեթեւ վիրաւորներու շարքին է նաեւ դամասկահայ երիտասարդ Դանիէլ Տէր Թորոսեանը, որ տեղափոխուած է հիւանդանոց` բուժման ենթարկուելու:

Կիրակի օր Ժարամանայի մէջ նաեւ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ` պատճառելով 26 զոհեր եւ տասնեակ վիրաւորներ: Այս ահաբեկչական գործողութեան թիրախը «Թամիքա» համալիրին մօտակայքը գտնուող անցարգելն էր. պայթումէն ետք զինեալները փորձեցին իրենց հակակշիռին տակ առնել համալիրը:

Նշենք, որ Համայի մէջ անձնասպանական գործողութեան պատճառով բեռնատար մը պայթեցաւ, աւելի քան 37 զոհ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ:

Յիշենք, որ Ժարամանա շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են մօտ 400 հայ ընտանիքներ:

aztagdaily.com

Scroll Up