« Մեր Աղջիկը` Ռուզաննա-Նիկոլը, Ծնաւ Թաւշեայ Յեղափոխութեան Օրերուն». Հայրենադարձ Ընտանիք
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Էտկար Բաբայեանի ընտանիքի հայրենադարձութեան պատմութիւնը: Տասնեօթ տարի Մոսկուա ապրելէ յետոյ` Էտկարը կնոջ եւ մօր հետ վերադարձած է Հայաստան եւ սկսած քանի մը գործարար ծրագիրներ իրականացնել:
Էտկարն ուրախ է, որ պիտի կրնայ իր ներուժն ու հնարաւորութիւններն օգտագործել նոր Հայաստանի կերտման գործին մէջ:
Ինծի մշտապէս ուղեկցած է Հայաստան վերադառնալու միտքը…
– Ծնած եմ Տաւուշի մարզի Բերդ (Շամշադին) քաղաքին մէջ: Բանակին մէջ ծառայելէ յետոյ 2002 թուականին որոշեցի Մոսկուա երթալ, ուր մնացի 17 տարի:
Սկիզբը, ի հարկէ, դժուարութիւններու հանդիպեցայ, բայց չվհատեցայ. ժամանակի ընթացքին ոտքի կանգնեցայ, զբաղեցայ տարբեր աշխատանքներով` ապրելով, կարծես թէ, բնականոն հունով: Սակայն Մոսկուայի մէջ ինծի մշտապէս ուղեկցած է Հայաստան վերադառնալու միտքը: Պարզապէս պատեհ առիթ մը պէտք էր…
Նշեմ նաեւ, որ Հայաստանի հետ կապը երբեք չեմ խզած. պարբերաբար քանի մը ամիսով եկած եմ, որոնք գրեթէ միշտ զուգադիպած են քաղաքական տարբեր զարգացումներու հետ:
Մեր հայրենադարձուելուն մեծապէս նպաստեց Թաւշեայ յեղափոխութիւնը…
-Հայրենադարձուելու հիմնական շարժառիթը դստերս ծնունդը դարձաւ. որոշեցինք, որ կինս Հայաստանի մէջ պէտք է ծննդաբերէ: Սկիզբը ան մօրս հետ եկաւ, յետոյ ես անոնց միացայ:
Մեր այցելութիւնը համընկաւ 2018 թուականի գարնան տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան հետ: Հասկցանք, որ Հայաստանի մէջ հաստատուելու համար աւելի լաւ հնարաւորութիւն մեզի չէր ընձեռնուեր: Կրնամ փաստել, որ մեր հայրենադարձուելուն մեծապէս նպաստեց Թաւշեայ յեղափոխութիւնը:
Երբ արդէն Հայաստանի մէջ էինք, Գիւմրիէն սկսած էր քայլերթը: Յետոյ ես եւ կինս միացանք երեւանեան երթին: Հիմա ժպիտով կը յիշեմ, որ երբեմն «կը վիճէինք, թէ տուեալ օրը մեզմէ ով պէտք է միանար ժողովուրդին, նոյնիսկ կը կատակէինք, թէ ով շատ քալեց (կը ծիծաղի-հեղ.): Յիշարժան դէպքերը շատ են:
Սակայն յեղափոխութեան ամենայիշարժան եւ բերկրալի օրը մեզի համար դարձաւ մայիս 8-ը, երբ կնոջս հրապարակէն ուղիղ հիւանդանոց ուղեկցեցի: Մայիս 9-ին արդէն ծնաւ մեր աղջնակը:
Ի սկզբանէ, որոշած էինք երեխային երկու անունով կնքել: Քանի որ անոր ծնունդը խորհրդանշական կապ ունէր յեղափոխութեան հետ, Ռուզաննա-Նիկոլ անուանեցինք:
Սփիւռքը կանգնեցաւ Հայաստանի կողքին …
– Որպէս քաղաքական գործիչ, միշտ յարգած ու վստահած եմ Նիկոլ Փաշինեանին: Ան իր առջեւ դրուած խնդիրը մինչեւ վերջ պատուով կատարեց:
Սկիզբը, բնականաբար, վերապահումով կը մօտենայինք ստեղծուած իրավիճակին, բայց տեսնելով մարդոց հոծ զանգուածը` բոլոր կասկածները յօդս ցնդեցան: Ակներեւ էր, որ ամէն ինչ յաջողութեամբ պիտի պսակուէր: Ժողովուրդին համար «երկրորդ շնչառութիւն» բացուեցաւ. ամբողջ երկրին մէջ տիրող գաղջ մթնոլորտն այլեւս հնարաւոր չէր հանդուրժել:
Յեղափոխութեան կարեւոր ազդակներէն մէկը հայրենադարձութեան աճի խթանումն էր: Յուսանք` յետագային աւելի շատ ընտանիքներ կու գան Հայաստան: Ինչպէս օրինակ, Մոսկուա եւ ԱՄՆ ապրող մեր ընկերները կը ցանկան վերադառնալ: Շատ այլ ընտանիքներ ալ կան, որոնք նոյնպէս կը նախատեսեն տունդարձի ճանապարհը բռնել: Ահա այդպիսի վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուած է:
Թաւշեայ յեղափոխութեան իր աշխոյժ աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ սփիւռքը: Բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէս սփիւռքը մէկ բռունցք դարձած` կանգնեցաւ Հայաստանի կողքին, որ մեզի այդ օրերուն շատ ոգեւորեց:Առհասարակ, Թաւշեայ յեղափոխութիւնն ինծի համար ազգային համախմբուածութեան մեծ դրսեւորում էր:
Հայաստանն իմ տունն է, ուր այնչափ հանգիստ կը զգամ…
-Տեսնելով Հայաստանէն մեկնող մարդոց` մեծ ցաւ կ՛ապրիմ: Թո՛ղ անոնք գիտնան, որ իրենց դուրսը աւելի հեշտ ու հետաքրքիր կեանք չսպասուիր, որ ամէն ինչ սկուտեղի վրայ չի մատուցուիր:
Երկար տարիներ մնալով օտար ափերու վրայ` ամէն օր երազած եմ վերադառնալու մասին: Վերջնական հանգրուանս Հայաստանն է: Ներքին, անբացատրելի զգացողութիւն ու մեծ կապուածութիւն ունիմ իմ երկրիս, ծննդավայրիս հող ու ջուրին հետ:
Հայաստանն իմ տունն է, ուր այնչափ հանգիստ կը զգամ:
2019-ի Ամանորը խորհրդանշական էր մեզի համար…
-Մեր ընտանիքին համար 2019 թուականի Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշական եւ յիշարժան դարձաւ. առաջին անգամ Հայաստանի մէջ նշեցինք տօները, որ այնչափ ուրախութիւն պարգեւեց մեզի:
Տան մէջ ջերմ մթնոլորտ ստեղծած էինք Ռուզաննա-Նիկոլի համար. տօնածառ դրած էինք, բնակարանը զարդարած` ապահովելով անոր բարձր տրամադրութիւն:
Մաղթանքս է, որ 2019 թուականին հայ ժողովուրդի բոլոր սպասելիքներն, իսկապէս, իրականութիւն դառնան, յոյսի, հաւատի եւ սիրոյ տարի հռչակուի: Հայաստանի սահմաններուն խաղաղութիւն ըլլայ, մեր երկրին մէջ գերիշխէ սոցիալական արդարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը:
Գէորգ Չիչեան