Հայրենադարձ Երեխաներու Համար «Շիրակացու Ճեմարան»-ին Մէջ Կը Կազմակերպուի Անհատական Ուսուցում

Սփիւռքահայ ընտանիքներու համար շատ յաճախ հայրենադարձուելու շարժառիթ կը հանդիսանայ երեխաներու ապագայի հանդէպ մտահոգութիւնը: Ծնողները կը ցանկան, որ իրենց զաւակները Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն կրթութիւն ստանան, այլեւ իրենց ապագան կերտեն:
Հայաստանեան դպրոցներուն մէջ, սակայն, շատ յաճախ հայրենադարձ երեխաները կը բախուին տարաբնոյթ խնդիրներու: Երեւանի «Շիրակացու ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրն այն հաստատութիւններէն է, ուր կը մշակուին յատուկ ծրագիրներ, ուսուցման մեթոտներ` Հայաստան տեղափոխուած երեխաներուն կրթական գործընթացին ներգրաւելու համար: Անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ հոգեբանական աջակցութիւն կը ցուցաբերուի:
«Մեր ուսումնական հաստատութեան մէջ հայրենադարձ երեխաներու համար կը կազմակերպուի անհատական ուսուցում, եթէ ան տուեալ տարիքային խումբի ծրագրային չափորոշիչներով դասաւանդում անցնելու համար բաւարար գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, Մայրենիի իմացութիւն չունի: Կը մշակուի համապատասխան անհատական ծրագիր` դիմորդին որոշակի ժամանակահատուածին տարիքային խումբի ուսումնառութեան ներառելու համար», «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ«Շիրակացու ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրի տնօրէնի խորհրդական եւ Մաթեմատիկայի ամպիոնի վարիչ Գագիկ Թոռչեան` աւելցնելով, որ խումբին մէջ որոշակի առանձնայատկութիւններ ունեցող սաներու հանդէպ կը կիրառուին անհատական մօտեցումներ եւ տարբերակուած ուսուցման մեթոտներ:
Խօսելով հայրենադարձ երեխաներու մօտ նկատուող դժուարութիւններու մասին` Գագիկ Թոռչեան նկատեց, որ անոնք հիմնականին մէջ կը բախուին լեզուական, առարկայի ակադեմական գիտելիքներու բացակայութեան, Հանրապետութեան առարկայական ծրագիրներու, այլ համայնքներու մէջ առկայ ծրագիրներու բովանդակային, մշակութային տարբերութիւններու եւ ռուսերէնին չտիրապետելու խնդիրներուն: Սակայն անոնց համար կը ստեղծեն այնպիսի միջավայր, որպեսզի յաղթահարեն առկայ բարդութիւնները:
Սաներուն հետ հոգեբանական զրոյցներ կազմակերպելու անհրաժեշտութեան պարագային Ճեմարանի հոգեբանական ծառայութիւնը կ´իրականացնէ համապատասխան աշխատանքներ, նաեւ կը միջամտէ հոգեբանութեան կեդրոնը, կ´օգնեն խումբի մանկավարժ-հոգեբանը եւ դասաւանդող ուսուցիչները:
«Ինչ կը վերաբերի արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուական խոչընդոտներուն, ապա այն բանաւոր խօսքին մէջ առաւել հեշտ կը յաղթահարուի, դժուարութիւններ կ´առաջանան գրաւոր խօսքին մէջ` պայմանաւորուած երկու գրական լեզուներուն մէջ առկայ ուղղագրութիւններու, բառապաշարային եւ քերականական տարբերութիւններով: Այս ամէնը հաշուի առնելով` կը կազմուին անհատական ուսուցման ծրագիրներ»,-նշեց Գագիկ Թոռչեան:
Զրոյցի ընթացքին պարզ դարձաւ նաեւ, որ գիտակրթական համալիր կը յաճախէ մէջ մօտ 70 հայրենադարձ երեխայ : Համեմատութեան կարգով, հայերէն աւելի լաւ կը խօսին, հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան քաջատեղեակ են հիմնականին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն եկած երեխաները:
Գէորգ Չիչեան