Օրէնսդիր Մարմնին ՄԷջ Պատասխանատու Պիտի Ըլլամ Նաեւ Սփիւռքին Առջեւ. Մխիթար Հայրապետեան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ինչպէս արդէն գիտէք, ստանձնած եմ պատգամաւորական հրամանս եւ այսուհետ աշխատանքս պիտի շարունակեմ Ազգային ժողովէն ներս: Սփիւռքի նախարարի պաշտօնին աշխատեցայ ութ ամիս, այդ ընթացքին եղան եւ՛ ձեռքբերումներ, եւ՛ յաջողութեան պատմութիւններ, եւ՛ բացթողումներ: Կը ցաւիմ, որ շատ յաճախ տրուող գնահատականները պտտեցան իմ տարիքիս շուրջ, ի հարկէ, հնչեցին նաեւ բազում առողջ քննադատութիւններ ու խորհուրդներ, որոնք ես ընդունեցի, վերլուծեցի, հետեւութիւններ  ըրի: Այսօր վստահաբար կրնամ ըսել, որ նախարարի պաշտօնը ստանձնած եմ պատասխանատուութեան անբացատրելի մեծ զգացումով` յոյս ունենալով, որ իմ նշանակումս կ’ոգեշնչէ, նախ եւ առաջ, երիտասարդներուն, իմ փորձառութիւնս օգտակար կ՛ըլլայ անոնց համար, նաեւ իմ օրինակս կը խթանէ անոնց դրականօրէն կոտրելու երիտասարդութեան հանդէպ առկայ թերահաւատութեան բոլոր անհիմն կարծրատիպերը:

Հիմա յետահայեաց վերլուծութեամբ ութամսեայ այս ընթացքը ինծի համար կ՛ուրուագծուի  իբրեւ անփոխարինելի փորձ, քաղաքական հասունութեան նոր փուլ, նոր գաղափարներու ու նախաձեռնութիւններու շրջան: Նախարարի պաշտօնին աշխատելու ամէն օրն ինծի համար լաւագոյնն ընելու ձգտում էր: Ուրախ եմ, որ հանրութիւնը նախարարութեան եւ իմ աշխատանքին կը հետեւէր սեւեռուն ուշադրութեամբ, այն խոշորացոյցի արդիւնքով կ՛օգնէր մեզ շուտ նկատել սխալները, ուղղել ատոնք: Ինքս երբեք չեմ խուսափած սեփական սխալներն ընդունելէն, ատիկա համարած եմ արդիւնաւէտութեան հասնելու գլխաւոր ցուցիչ: Այս ութ ամիսներուն ընթացքին գրեթէ ամէն օր փորձած եմ սորվելու նորը` վստահ ըլլալով, որ յաջողութեան հասնելու ամենամեծ գրաւականը նաեւ մշտապէս սորվիլ ցանկանալու, սորվելէն չվախնալու ու չխուսափելու մէջ է: Հէնց այդպէս  աշխատանքը կը վերածուի ապրելու, մտածելու, անընդհատ առաջ երթալու կերպի:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Յոյսով եմ` կրցած եմ այս ամիսներուն ընթացքին ձեզ հասցնել իմ սէրն ու ջերմութիւնը, իսկ ձեզմէ ստացած դրական լիցքերն ինծի այնչափ ոգեւորած են, ուժ տուած: Փորձելով խորապէս ճանչնալ սփիւռքը` այն իմ պատկերացումներուս մէջ մարմնաւորուած է իբրեւ գունեղ, անհամեմատելի տարբեր, բազմաշերտ, բայց հզօր  ամբողջութիւն մը: Այն, ամէնէն առաջ, միլիոնաւոր հայերու անձնական ու համազգային պատմութիւններու, կարօտի, երազանքներու, ներկայի նպատակներու, վերջապէս, մեծ համահայկական ներուժի մասին է: Եւ ճանչցածս այդ ուժեղ սփիւռքը մշտապէս պիտի ըլլայ իմ  խոհերուն, մտորումներուն, գաղափարներուն, նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Օրէնսդիր մարմնին մէջ իմ ամէնօրեայ աշխատանքի շնորհիւ պատասխանատու պիտի ըլլամ ինծի եւ մեր անձնակազմին վստահուած իւրաքանչիւր քուէի համար, պատասխանատու պիտի ըլլամ  նաեւ սփիւռքի առջեւ` ընելով ամէն բան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան արդիւնաւէտութեան աջակցելու համար:

 

Scroll Up