ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելած Է Մարսէլի «Համազգային» Ամէնօրեայ Վարժարան

Կը շարունակուի ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, նախարարը նոյեմբեր 24-ին Մարսէլ քաղաքին մէջ այցելած է «Համազգային» ամէնօրեայ վարժարան, հանդիպած վարժարանի ղեկավարութեան, այնուհետեւ շրջայց  կատարած է դպրոցի դասարաններուն մէջ, նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ:

«Այստեղ եմ գտնւում բարձր տրամադրութեամբ, քանի որ օրէցօր երեխաներն առաւել մեծ հետաքրքրութիւն են ցուցաբերում Մայրենին սովորելու ուղղութեամբ: «Համազգային» ամէնօրեայ վարժարանը ֆրանսիայի ամենաորակեալ հայկական կրթօճախներից մէկն է»,-նշած է Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը  նաեւ պարգեւներ  յանձնած է դպրոցի տնօրէն Սեդա Պիպերեանին եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պրիճիթ Մարկոյեանին:

«Համազգային» այցի ծիրէն ներս ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր, որմով ամրագրուած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 հիմնական դպրոցի եւ այդ դպրոցի հետ քոյրացումը:

 

Scroll Up