«ՆերՈւժ». Նախապատրաստուելով Ընթացիկ Տարուայ Ամենասպասուած Ծրագիրին
Դեկտեմբեր 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ կազմակերպած էր քննարկում` նուիրուած «ՆերՈւժ» սթարթափ ծրագիրին:
«Ամիսներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ աւարտած են, սակայն իւրաքանչիւր ժամ կարեւոր է` ծրագիրի անթերի ընթացքն ապահովելու եւ առկայ սպասելիքներն արդարացնելու համար: Շատ շուտով Դիլիջանը կը վերածուի սթարթափ գաղափարներու կեդրոնի` հիւրընկալելով սփիւռքահայ երիտասարդ սթարթափըրներու` աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէ»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, քննարկման ընթացքին ընդգծած է Մխիթար Հայրապետեան:
Աւելցնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «ՆերՈւժ» սթարթափ ծրագիրը նախատեսուած է 18-էն 35 տարեկան Սփիւռքի հայազգի եւ հայաստանաբնակ երիտասարդ ձեռներէցներու համար: Նպատակն է անոնց համար հնարաւորութիւն ստեղծել սթարթափըրը բերելու Հայաստան եւ բարելաւելու երկրին մէջ սթարթափըրի էքոհամակարգը:
Ծրագիրը կ’իրականացուի Հայաստանի` UWC Դիլիջան քոլեջին մէջ, 2018 թուականի դեկտեմբեր 16-21: