Ուրուկուէյի Հայ Համայնքին Հետ Համագործակցութեան Առաջին Քայլն Եղած Է
Նոյեմբեր 15-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան տեսակապ հաստատեց Ուրուկուէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման կը մասնակցէին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յակոբ արք. Գլնճեան, ՀԲԸՄ Ուրուկուէյի մասնաճիւղի ատենապետ Խոսէ Կեոզուգարեան, ՀՅԴ ներկայացուցիչ Իզապէլ Գույունճեան, Հայ Դատի յանձնախումբի Ուրուկուէյի ներկայացուցիչ Արփի Հոչաչանեան, ՍԴՀԿ ներկայացուցիչ Լուիս Ապրազեան, «Կոմիտաս» ռատիօժամի տնօրէն Կարօ Հեքիմեան, «Արաքս» ռատիօժամի տնօրէն Տիեկօ Գարամանուկեան, Հայ ազգային կեդրոնի ներկայացուցիչ Կարինէ Կոլույեան եւ այլք: Համայնքի անդամները նշեցին, որ առաջին անգամ տեսակապ կը հաստատեն նախարարութեան հետ, երբ դէմ դիմաց կրնան հանգամանօրէն խօսիլ իրենց խնդիրներուն մասին, առաջարկութիւններ ներկայացնել ու գործնական քայլեր ընել: Խորհրդանշական համարեցին նաեւ այն, որ այս ձեւաչափով իրենց առաջին հաւաքատեղին Ուրուկուէյի ՀԲԸՄ Նուպարեան-Ալէք Մանուկեան վարժարանն է:
Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելով տեսակապի մասնակիցներուն Ուրուկուէյի հայ համայնքին ծաւալած գործունէութեան համար` Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ նախարարութեան եւ համայնքին միջեւ կապն այսուհետ պիտի սերտանայ` դառնալով առաւել ամուր, ուժեղ եւ մշտական: «Կ´ընենք հնարաւոր ամէն բան, որ մշտապէս հասանելի ըլլանք ձեզի համար: Այսուհետ համայնքին մէջ պիտի փորձենք կազմակերպել աւելի մեծ ձեռնարկներ, հայրենիքին շունչը բերելով, պահելով կապը Հայաստանի հետ»,-նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:
Ներկայիս Ուրուկուէյի հայութեան թիւը կը տատանուի 13000-15000-ի սահմաններուն: Ինչպէս Գերաշնորհ Տէր Յակոբ արք. Գլնճեան կը նկատէ, համեմատաբար փոքր համայնք ըլլալով` կը պահպանեն ազգային ոգին, միշտ Հայաստանի կողքին են: «Ազգային վարժարաններու եւ հայ եկեղեցւոյ շնորհիւ համայնքը կը պահէ ազգային դիմագիծը եւ միշտ պայքարի մէջ է` աշխուժացնելով կապը Հայաստանի հետ»,- կը նշէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը:
«Յեղափոխութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ»,- կ´ընդգծէ Տիեկօ Գարամանուկեան: Կ´աւելցնէ` պէտք են նոր, արդիւնաւէտ ծրագիրներ, ծանօթացնել համայնքային իւրայատկութիւններուն, խորքային փոխճանաչում:
Մխիթար Հայրապետեան, համաձայնելով հնչեցուած կարծիքին, շեշտեց, որ Ուրուկուէյի հայ համայնքը մեծ ներուժ ունի, որ բացայայտելու, համախմբելու համար ընդհանուր օրակարգի, կարծիքիները, առաջարկութիւններն ու պատկերացումները մէկ սեղանի շուրջ բերելու կարիքը կայ:
««Սփիւռքը ի՞նչ կրնայ տալ Հայաստանին» հարցին զուգընթաց մենք օրակարգ բերած ենք «Ի՞նչ կրնայ Հայաստանը տալ սփիւռքին» հարցը: ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է այս պարտաւորութիւնը վերցնել իր ուսերուն: Այս ամէնը մեր փիլիսոփայութենէն կը բխէ»,-աւելցուց նախարարի պաշտօնակատարը:
Համայնքային գործիչները յատկապէս կարեւոր համարեցին մշակութային եւ կրթական ձեռնարկներու իրականացումը, նոր ձեւաչափերու մշակումը: 2019 թուականին սփիւռքի նախարարութեան «Կրթամշակութային աջակցութիւն հայ համայնքներուն» ծրագիրի ծիրէն ներս ուսուցիչ կը գործուղուի Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքեր, ինչպէս նաեւ Ուրուկուէյի տեղի հայկական դպրոցներու ուսուցիչներուն վերապատրաստելու նպատակով:
«Մեծ ովկիանոսի նմանուող սփիւռքի հետ աշխատիլն իրօք հերոսութիւն է: Պէտք է ամէն մէկուն լսել եւ փորձել օգնել: Միշտ ձեզի հետ ենք եւ կը յուսանք, որ դուք ալ միշտ մեզի հետ կ´ըլլաք»,- ըսաւ Կարօ Հեքիմեան: Շարունակելով «Կոմիտաս» ռատիօժամի տնօրէնի խօսքը` Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Հոչաչանեան աւելցուց, որ Ուրուկուէյը, դեռեւս 1965 թուականին առաջինը ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչ օրս կը շարունակէ հայանպաստ քաղաքականութիւն վարել, եւ այսօր Ուրուկուէյի մէջ Հայ դատի յանձնախումբը առաւելապէս կը զբաղի Արցախեան հիմնախնդրի ճանաչմամբ: «Կը ցանկանք նաեւ ամրապնդել Հայաստան-Ուրուկուէյ քաղաքական կապերը, խրախուսել փոխայցելութիւնները»,-աւելցուց Արփի Հոչաչանեան:
Հայ ազգային կեդրոնի ներկայացուցիչ Կարինէ Կոլույեան ներկայացուց կեդրոնի գործունէութիւնը, կարեւոր համարեց պարախումբի առկայութիւնը, առանձնացուց յատկապէս հայերէնի նահանջի խնդիրը: Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ յառաջիկային Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, կրթական մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչները կը նստին մէկ սեղանի շուրջ, կապ կը հաստատեն սփիւռքի տարբեր համայնքերու հետ` գտնելով իւրաքանչիւր համայնքի առանձնայատկութիւններէն բխող լուծումներ:
«Հայաստանը մեր երկիրը կը համարենք, թէեւ ծնած ենք Ուրուկուէյի մէջ»,-ամփոփեցին հանդիպումը տեսակապի մասնակիցները: