Յակոբ Տէր Կարապետեանի գիրքը կ’արծարծէ մերօրեայ կարեւորագոյն խնդիրներէն՝ ինքնութեան հարցը. Անդրանիկ Տաքէսեան
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւնը վերջերս հրատարակած է Դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեանի անգլերէն «Armenian Ethnic Identity in Context: Empirical and Psychosocial Perspective» գիրքը: Այս առիթով «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, դոկտոր Անդրանիկ Տաքէսեանի հետ:
– Պարո՛ն Տագէսեան, ի՞նչը առիթ հանդիսացած է նման հրատարակութիւն իրականացնելու համար:
– Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը ընդամէնը մի քանի տարեկան է: Անոր գոյառումին նպատակը հայագիտական բնոյթի հրատարակութիւններ կատարելն է: Բնականաբար կան անձնական նախընտրութիւններ, որոնք առաւելաբար կ’առնչուին ժամանակակից, մերօրեայ նիւթերու եւ մտահոգութիւններու հրատարակութեան:
Արդ, երբ մարդիկ նկատեցին Հրատարակչատան ուղղութիւնը, սկսան դիմել հրատարակչատուն՝ իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տալու մտասեւեռումով: Այսպէս եղաւ իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի պարագային. ան՝ Լիբանանի խորհրդարանի հայ անդամներու նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնը ուզեց տպագրուած տեսնել Հայկազեան Համալսարանի հրատարակչատունէն եւ այդպէս ալ եղաւ: Նոյնն էր պարագան Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեանի հատորին, որ նուիրուած էր Մուսա Լերան 1919-39 շրջանի ընկերա-տնտեսական եւ ժողովրդագրական մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան:
Վերջերս նախկին լիբանանահայ, այժմ ամերիկաբնակ Դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեան եւս փափաք յայտնած էր իր յօդուած-ուսումնասիրութիւններ-դիտարկումներու ժողովածուն հատորով մը հրատարակել Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունէն:
Ուրախ եմ, որ կարելի եղաւ այդ եւս իրագործել, մանաւանդ որ գործը կ’արծարծէ մերօրեայ կարեւորագոյն խնդիրներէն ինքնութեան հարցը եւ հանրութեան կը ներկայանայ գիտական բարձր մրցունակութեամբ:
– Ուսումնասիրական ի՞նչ յօդուածներ կը պարունակէ ժողովածուն:
– Ժողովածուն դաշտային եւ քլինիքական աշխատանքներու լոյսին տակ յառաջացած ուսումնասիրութիւններու ժողովածու մըն է, ուր կը քննարկուին, ի միջի այլոց, 1՝ անհատին՝ իր հաւաքականութեան եւ արտաշխարհի հաւաքականութեան հետ ունեցած յարաբերութիւնները, 2՝ անհատին՝ իր հաւաքականութենէն իւրացուցած արժեհամակարգով արտաշխարհի հաւաքականութեան մէջ տեղաւորուելու գործընթացի բարդութիւնները եւ ասոնց առողջական հետեւանքները, 3՝ անհատին ինքնութենական բաղադրատարրերու կոյտին ձեւաւորումը՝ ըստ միջավայրի…:
– Պարո՛ն Տագէսեան, ի՞նչ է գիրքի առանցքը, ըսելիքն ու ամենակարեւոր շեշտադրումը:
– Համաշխարհայնացման այս օրերուն տոնքիշոթութիւն է ձգտիլ ամբողջակա՛ն, զու՛տ, միատա՛րր ինքնութեան: Հետեւաբար, պէտք է մտածել, թէ ինքնութենական ո՛ր տարրերը ո՛ր հայօճախին մէջ պահպանելու աւելի գործնական հնարաւորութիւններ կան:
Ըստ իս, գիրքը գործնական էական նշանակութիւն ունի հետեւեալ պատճառով.- ան կը բացայայտէ թէ այսօր հայու ինքնութեան ո՛ր բաղադրատարրերը կը պահպանուին՝ ու՛ր եւ ի՛նչ գնով: Ա՛յս բացայայտումը կը մղէ գիրքին հեղինակը կատարելու ռազմավարական թելադրանքը, զոր կը վերարտադրեմ իմ բառերովս. «հայութիւնը սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունի: Երբ գիտենք ինքնութեան ո՛ր բաղադրատարրերու պահպանման հնարաւորութիւնները՝ կրնանք վերատեսութեան ենթարկել Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան մեր թիրախները: Նաեւ՝ նոր դիտանկիւնէ քննարկել հայապահպանութեան առաքելութիւնը ստանձնած կազմակերպութիւններուն արդիւնքները: Արժեւորել ներդրումին եւ արդիւնքին համեմատութիւնը, ուստի եւ՝ վերատեսութեան ենթարկել հայապահպանութեան մեր ընդհանուր քաղաքականութիւնը, վերակողմնորոշել կազմակերպութեանց գործունէութեան ծիրը, եւ աւելի գործնական արդիւնքներու ձգտիլ»:
– Հայկական էթնիք ինքնութեան ծիրէն ներս գիրքն ինչպիսի՞ թեմաներ կը բարձրացնէ:
– Գիրքը շահեկան նիւթ կը մատակարարէ 1960-70ականներու լիբանանահայ երիտասարդութեան ինքնութենական ըմբռնումներուն եւ լծորդներուն առումով: Գիրքը նաեւ նիւթ կը մատակարարէ 1980ականներու ամերիկահայ, թեհրանահայ, պոլսահայ երիտասարդութեան ինքնութենական ընկալումներուն մասին: Բաղդատութեան եզր մը կայ նաեւ ասոնց եւ հրեայ ամերիկացի ուսանողներու միջեւ, որ ուսուցողական երեսակներ ունի: Այս բոլորին համադրումը կարեւոր եզրայանգումներու առջեւ կը դնէ այս նիւթով զբաղող մասնագէտները:
– Պարո՛ն Տագէսեան, Հրատարակչութիւնը յառաջիկային ի՞նչ նոր հրատարակութիւններ կը նախատեսէ իրականացնել:
– Շուտով լոյսին կու գայ Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Յակոբ Պապիկեանի տեղեկագիրը՝ Ատանայի Կոտորածին մասին: Տեղեկագիրը անգլերէն երբեւէ ամբողջական թարգմանութիւն-հրատարակութիւն չէ ունեցած: Այս հրատարակութիւնը այդ բացը կը գոցէ: Թարգմանիչը՝ Դոկտ. Յակոբ Կիւրեղեան, տեղեկագիրը հարստացուցած է՝ այժմէականացնելով, մերօրեայ ենթահող մը յառաջացնելով Ատանայի կոտորածներուն եւ ընդհանրապէս Հայոց Ցեղասպանութեան:
Շահեկան են դոկտորին գնահատումները կոտորածին ընդհանուր վնասին առնչութեամբ: Դոկտ. Կիւրեղեան գիրքին կցած է, նիւթին առնչուող անմիջական թէ կողմնակի ուսումնասիրութիւններ, համադրումներ, որոնց շնորհիւ տեղեկագիրը գտած է իր պատմական եւ ժամանակակից հունը:
Լուսինէ Աբրահամեան