«Յաջորդ Յաղթարշաւս Դէպի Լուսին Պիտի Ըլլայ. Այնտեղէն Պիտի Պահանջեմ, Որ Աշխարհ Ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Արա Խաչատուրեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագրութեան մէջ հիւրընկալուած մարսէլաբնակ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»–ի թղթակիցը:
–Բարո՛վ եկած էք Հայաստան, ուր, ինչպէս ըսիք, չէք եկած շուրջ 37 տարի: 2016-ի Մայիս 22-ին Դուք յաղթահարած էք աշխարհի ամենաբարձր գագաթը` Էւերէսթը` ծածանելով Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները. ի՞նչ եղած է Ձեր նպատակը, ի՞նչ բարձր գաղափարի համար դիմած էք այդ վտանգաւոր ու դժուարին, իւրօրինակ ուխտագնացութեան:
-Իմ նպատակս ոչ միայն սոսկ բարձունքներ յաղթահարելն ու գրաւելն է, այլեւ այդօրինակ ձեռնարկներով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայաստանի, Արցախի խնդիրներուն վրայ սեւեռելը. ես կոչ ըրի համայն աշխարհի մարդկութեան ճանչնալ ու դատապարտել 1915թ. Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած անօրինակ ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարարը պարգեւատրած է զիս նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` արժանացնելով ոսկէ մետալի, հիմա ես եկած եմ այն ստանալու եւ իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:
–Դուք 2011-ին յաղթահարած էք նաեւ Արարատի բարձունքը. ի՞նչ զգացումներ ունեցաք, կրցա՞ք այդ Սուրբ լերան գագաթէն տեսնել մեր Պատմական Հայրենիքը…
-Բնականաբար, յուզուած էի, սակայն ոչինչ կրցայ տեսնել, որովհետեւ շուրջ բոլորս պատուած էր մառախուղով: Ես ծածանեցի մեր դրօշը. անբացատրելի զգացում մը ապրեցայ: Արեւմտեան Հայաստանէն` Այնթապէն են իմ արմատներս, ջարդի ժամանակ մեծ մայրս կորսնցուցած է իր մայրն ու քոյրերը. յետագային մերոնք հանգրուանած են Լիբանանի մէջ, եւ ես մինչեւ 19 տարեկան դառնալս այնտեղ ապրած եմ:
–Արա՛, կը թուարկէ՞ք Ձեր յաղթահարած բարձունքները:
-Սիրո՛վ: 2007-ին Ֆրանսայի մէջ` Մոնթ-Պլանս` Սպիտակ լեռ, 2011-ին` Արարատ, 2012-ին` Քիլիմանճարօ, 2013-ին` Վուասքարան, Փերու, 2013-ին` Քոթոպաքսի, Էքուատոր, 2013-ին` Պոլիվիա, Սաժամ, Ղրղզստանի մէջ յաղթահարած եմ Լենինի Փիքը, 2016-ին` Էւերէսթ. 8 բարձունք յաղթահարած եմ:
–Այդքան սխրալի յաղթարշաւներ իրագործած էք, այդ մասին գիտե՞ն ֆրանսացիները, գրա՞ծ են թերթերու մէջ…
– Անշու՛շտ, ինծի կը ճանչնան, թերթերու մէջ գրած են այդ մասին, հետաքրքրուած են շատերը:
–Ին՞չ մասնագիտութիւն ունիք:
-Ոսկերիչ եմ. Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ շատ հայեր կը տիրապետեն այդ արհեստին: Դեռեւս 12 տարեկանէս Լիբանանի մէջ սկսած եմ մարզուիլ եւ այնտեղ ալ մասնակցած եմ վազքի առաջին մարաթոնին:
–ի՞նչ պիտի ըլլայ Ձեր յաջորդ յաղթարշաւը:
-Էւերէսթի մէջ ոտքերս սառած են, պահ մը բժիշկները որոշեցին վիրահատել ոտքերուս մատները, կտրել, սակայն հնարաւոր եղաւ խուսափիլ այդ միջամտութենէն եւ այժմ բուժումներ կը ստանամ, որմէ յետոյ որոշած եմ վազքի իմ անհատական մարաթոնը իրականացնել` Մարսէլէն 4500 քիլոմեթր վազելով հասնիլ Հայաստան, որ պիտի տեւէ 3 ամիս: Առ այժմ ոտքերուս մատները վնասուած են, բուժուելէ յետոյ կ’իրականացնեմ որոշումս:
–Երբեք չէ՞ք վախցած, որ յանկարծ չէք դիմանար այդ փորձութեան, չէ՞ որ շատ բարձր գագաթներ հասնելու ճանապարհին շատերը մահացած են, քանի որ մարդու թոքերը ի վիճակի չեն դիմանալու այդ անսովոր ճնշումին, չէ՞ք վախցած, որ կիսատ կը մնայ Ձեր ձեռնարկը կամ ալ` չէք կրնար իջնել բարձունքէն:
-Անշու՛շտ, այնչափ դժուարութիւններ կան, եղած են նաեւ մահուան դէպքեր, սակայն ես չեմ վախցած, մարզուած եմ գիշերուզօր եւ հիմա ալ կը շարունակեմ մարզուիլ` լողալ, վազել, հեծանիւ քշել, շնչառական վարժութիւններ ընել, որպէսզի կարենամ իրագործել հերթական որոշումս` վազքի մարաթոնը:
–Այս մարաթոնը ի՞նչ բանի պիտի նուիրէք:
-Ամէն անգամ ես իմ ձեռնարկներս կը նուիրեմ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման ու ճանաչման: Այս անգամ նամակ մը պատրաստած եմ, որպէսզի վազքիս ընթացքին հասնելով Թուրքիա` այն յանձնեմ Էրտողանին. Նամակին մէջ կոչ կ’ընեմ Էրտողանին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ես քաջատեղեակ եմ նաեւ այս տարի Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն, նամակ մըն ալ կը պատրաստեմ` յանձնելու Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին` գրելով, որ պատերազմով հարցեր չեն լուծուիր, որ երկու կողմէն ալ երիտասարդներ կը զոհուին, որ Արցախը Հայաստանի նահանգներէն եղած է: Ես մտադիր եմ նաեւ Արցախ երթալ:
–Հասցուցա՞ծ էք շրջիլ Հայաստանի մէջ, ի՞նչ սիրած էք ամէնէն շատ…
-Գացած ենք Հաղարծին, դեռ քանի մը օր է, որ այստեղ եմ. ամէն տեսածներս հաւնած եմ, օրիորդնե՛րը սիրած եմ…
–Մարսէլէն Հայաստան վազքի մարաթոնէն յետոյ ուրիշ ի՞նչ ծրագիր ունիք, ո՞ր բարձունքը մտադիր էք յաղթահարել…
-Լուսի՛ն պէտք է երթամ…եւ այնտեղէն ողջ աշխարհին պէտք է կոչ ընեմ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
–Արա՛, կատակ կ’ընէ՞ք…
-Բնաւ՛, ճշմարի՛տ կ’ըսեմ…սակայն ատոր համար շատ գումար հարկաւոր է, մեծ ծախսերու հետ կապուած է այդ ծրագիրը:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան