«Կ’ուզէի, Որ Բոլոր Պարագաներուն Հայը Հաւատարիմ Մնայ Մարդու Կոչումին Ու Բարեացակամ ըլլայ». Շաքէ Մանկասարեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բազմաթիւ ծրագիրներու ծիրէն ներս նաեւ շատ սփիւռքահայ մասնագէտներ կը վերապատրաստուին Հայրենիքի մէջ, կը ծանօթանան Սփիւռքի այլ հատուածներէն եկած մասնագէտներու հետ, համագործակցութեան կամուրջներ կը ստեղծեն, փորձի փոխանակում կը կատարեն, յետագայի համար համատեղ ծրագիրներ կը կազմեն. այսինքն` նախարարութեան մշտապէս  նորացուող,  թարմացուող ու լրացուող աշխատանքային ձեւաչափը հրաշալի միջոց է նորարական մտայղացումներու,  ատոնց իրագործման հասնելու եւ աշխատանքային գործընթացին մէջ լաւագոյնս կիրառելու համար:  Այս եւ այլ թեմաներու  շուրջ ծաւալեցաւ «Հայերն այսօր»-ի համար պատրաստուող իմ զրոյցս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ գործող «Այգ» ռատիօկայանի տնօրէնուհի, լրագրող, մեր հայրենակցուհի Շաքէ Մանկասարեանի հետ:

 –Սիրելի՛ Շաքէ,  Դուք  հայրենիքի մէջ էք  ՀՀ  սփիւռքի նախարարութեան կայացած ու կարեւոր ծրագիրներէն  մէկուն` «Սփիւռք»  ամառնային  դպրոց ծրագիրի ծիրէն ներս, այս այցելութիւնը ինչո՞վ  եւ  ինչպէ՞ս  կարեւոր համարուեցաւ Ձեզի համար:

-Ձեր հարցին պատասխանելու համար պէտք է ըսեմ,  որ ես յաճախ կու գամ Հայաստան,  բայց չէի ցանկար  գործածել «այցելել» բառը.  ինծի խորթ կը թուի այդ բառը,  քանի որ  Հայաստանը ինծի համար զբօսաշրջային վայր չէ,  այլ` տուն: Ամէն անգամ Հայաստանի մէջ գտնուելուս ես ջանք չեմ խնայեր  իմ ունեցած հին կապերս պահպանելու եւ նոր կապեր հաստատելու,  մշտապէս կամրջուած եմ Հայրենիքի հետ:  Հարստութիւն են  թէ՛ Հայրենիքը,  թէ՛ Սփիւռքը.  Սփիւ՛ռքն է,  որ պէտք է հզօրացնէ Հայրենիքը:  Ես հիացած եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  այսօրինակ ծրագիրներով, շնորհակալ եմ Սփիւռքի նախարարուհի տիկին Յակոբեանին:  Ամէն ոք եկաւ,  նստեցաւ ու լսեց դասախօսներուն, որոնք շատ բարձր մակարդակով կը մատուցէին իրենց ըսելիքը.  մենք կրցանք  անմիջական  կապ ունենալ մտքի հարստութեան, փորձառութեան,  գիտելիքներու շտեմարանի հետ:  Թո՛ղ  ոեւէ մէկը չըսէ,  թէ ինք ամէն ինչ գիտէ. ես որեւէ բան չեմ գիտեր,  ես ամէն օր պէտք է սորվիմ.  ասիկա՛ պէտք է ըլլայ բոլորի նշանաբանը: Երբ մարդը  կ’ըսէ, որ ինք ամէն ինչ գիտէ, ուրեմն վերջ կը դնէ իր յաջողութիւններուն.  միշտ պէտք է բաց ըլլալ, ընդունիլ նոր գիտելիքներ սորվի՛լ,  շարունակ սորվիլ…բացասականը  միշտ եւ ամէնուր կայ մեր շուրջը,  ուստի  պէտք է միշտ դրականը  ունենաս  մէջդ  եւ  վերցնես այն լաւը,  որ  հնարաւորութիւն ունիս   լսելու. պէտք է արժեւորել ու գնահատել  մարդու լաւ արարքը,  լաւ գործը, վեր ըլլալ մանրախնդրութեան ու նախանձի դրսեւորումներէն: Մեծ ըլլալու համար անհրաժեշտ է կարենալ տեսնել  ուրիշներու մեծութիւնն  ու գնահատել.  սա եւս հայութեան գոյատեւման նախապայմաններէն է:  Որքա՜ն գոհ պէտք է ըլլանք նախարարութեան կազմակերպած հայապահպան բոլոր  ծրագիրներէն, որքա՜ն պէտք է գնահատենք եղած աշխատանքը.  երազ է ըսես, կը մնայ դուռը բանալ ու ներս մտնել:

Ծրագիրին մասին  Ձեր կարծիքը  կ’ուզեմ լսել…

-«Սփիւռք» ամառնային դպրոցը դարձած է կրթական դաշտի ամրագօտին: Յանուն Հայրենիքի հզօրացման անհրաժեշտ է օգտագործել  ողջ հայութեան ներուժը:  ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը իր մեծարգոյ նախարարի տեսլականով եւ հեռանկարներով համատեղ ծրագիրներ կը կազմակերպէ  Երեւանի պետական համալսարանին հետ` մշտապէս նպատակ ունենալով նպաստել Սփիւռքի հայապահպանութեան խնդրահարոյց գործին: Վերապատրաստման ամառնային դպրոցի  ծրագիրները այն անմիջական կապն են, որուն շնորհիւ մասնակիցները գիտելիքներ ամբարելու հնարաւորութենէն բացի` նաեւ առիթ ունին իրենց անհատական հարցերը բարձրացնելու,  որոնք,   նախարարը անգամ շատ բազմազբաղ ըլլալով հանդերձ,  պատրաստ է  լսելու եւ լուծում տալու: Մասնակիցներէն շատ բան  կախուած է`  անոնք իրենց  հիմնական եւ կենսական միջավայրին մէջ պէ՛տք է արձագանքեն այդ իրողութիւններուն,  շեշտը դնեն ատոնց վրայ. գործնական խոստումներու կարիքը կայ:  Այսօր այդօրինակ ծրագիրներու   հենքը,  նպատակը հայերէնի քաջիմացութիւնը   առաւել կարեւորելն ու ամրապնդելն է: Պէտք է սիրենք, պահպանենք մեր  լեզուն, մեր Հայրենիքը` որպէս միակը: Սիրոյ մէջ ամէն ինչ կը յաղթահարուի:

Շաքէ՛, Դուք կը ներկայացնէք Տուպայի մէջ գործող «Այգ» առցանց ռատիօկայանը, խօսինք այդ մասին. ե՞րբ   հիմնադրուած է այն, ո՞վ է հիմնադիրը, ի՞նչ թեմաներ  կ’արծարծէք Ձեր թողարկումներուն մէջ:

-Այն առցանց,  անկախ, անշահ կայան է. անշահ կ’ըսեմ, որովհետեւ մենք որեւէ  նիւթական  նպաստ չունինք.  այս աշխատանքները կը գոյատեւեն մեր անձնական միջոցներով,  ճիգերով,  նոյնիսկ գովազդային շահ չունինք:  Մենք այն համոզումը ունինք,  որ եթէ  դուն կը ծառայես,  ապա փող պէտք չէ վաստակես ,  քանի որ ծառայութիւնը առաքելութիւն է, եւ ես առաքելութեան մէջ եմ  ու պիտի մնամ այնքան , որքան Տէրը կամենայ, որքան առողջութիւնս կը ներէ: Այստեղ կարեւորը բարի կամքն է  նուիրուածութիւնը, սէրը: Խոնարհաբար ըսեմ,  որ հիմնադիրը ես եմ,  հիմնեցինք 2011-ի Սեպտեմբեր 21-ին: « Այգ»-ը  շուտով կը բոլորէ իր 5-ամեակը,  ինծի հետ  անմիջաբար կ’աշխատին քոյրերս, ունինք նաեւ անշահախնդիր կամաւոր աշխատողներ: Այս  ռատիօկայանը միակն է,  որովհետեւ  ազգասիրական ծառայութիւն կ’իրականացնէ:  Մեր կայանով կը սփռենք հայերէնը,  ունինք մեր քաղաքական,  մշակութային լուրերը, մտաւորական թեմաներով զրոյցները. Հիմնականին մէջ կը գերիշխեն լուրերը Հայասատանէն, որոնք կը շաղկապեմ` միաժամանակ համագործակցելով Ամերիկայի «Ասպարէզ»-ի, «Հորիզոն» հեռուստակայանին հետ, որպէսզի այդ լուրերը սփռուին,  այնտեղ ապրող հայերը տեղեկատուութիւն ունենան Հայաստանի անցուդարձէն:  Եթէ նայիք, կը տեսնէք,  թէ որքան  աշխոյժ է մեր դիմատետրը:  Օրուան  24 ժամերուն  մենք անընդհատ  կ’աշխատինք,  365 օր մենք զբաղուած ենք,  3 ժամ անգամ մը  քաղաքական լուրեր կը հեռարձակուին,  որոնք կը ստանանք Հայաստանի հանրային ռատիօյէն,  հիմնական թողարկումներ կ’ունենանք «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան հետ, 3 ժամ անգամ մը զրոյցներ կը  հեռարձակենք ` քաղաքական,  մշակութային, հոգեւոր  թեմաներով:

Կը ստանաք լուրեր Հայաստանէն,  իսկ դուք լուրեր կը տրամադրէ՞ք Հայաստանին:

-Այո՛.  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հայուն ու Հայաստանին նուիրուած ամէն մէկ ձեռնարկ  ես կը լուսաբանեմ եւ լուրերու ձեւով այն կ’ուղարկեմ Հայաստան:  Օրինակ`  Շարժայի հայկական հիմնական եկեղեցիէն բացի` հայկական  երկրորդ եկեղեցին   բացուեցաւ Ապու Տապիի մէջ. ես այդ լուրը կու տամ մեր ռատիօկայանով  եւ նոյնը կ’ուղարկեմ Հայաստանի հանրային ռատիօյին:  Ես ունիմ նաեւ իմ հեղինակային «Պատմութեան էջեր»  հաղորդաշարը,  որուն   ժամանակ կ’անդրադառնամ մտաւորականներուն,  մշակոյթին, արուեստին, յեղափոխական շարժումներուն: Մենք կուսակցական պատկանելութեան առումով կողմնապահութիւն չենք ըներ.  սկզբունքը մէկն է`  հա՛յ է,  արժէ՛ք է :

Շաքէ՛,  ի՞նչ մասնագէտ էք , Ձեր մասնագիտութեամբ աշխատա՞ծ էք:

-Ես  քանի մը տիպլոմներ ունիմ. աւարտած եմ Երեւանի  համալսարանի լեզուներու բաժինը, որմէ  յետոյ աշխատանքի  անցած եմ: Հիմնականին մէջ կատարած եմ գրասենեակային,  վարչական  աշխատանք: 18 տարի աշխատած եմ  ամերիկեան ապահովագրութեան    տարածաշրջանային  ընդհանուր  հիմնակառոյցին մէջ`  որպէս Մարդուժի  եւ վարչական մարմնի տնօրէն,  այնուհետեւ կրկին անցած եմ ուսման` հետեւելով Քեմպրիճի  Մարդուժի եւ կառավարման դասընթացներուն:  Ատկէ ետք  դասաւանդած եմ:  Հիմա «Այգ»-ն է  իմ հիմնական  գործս,  որ  մեծ նուիրում  եւ շատ ժամանակ կը պահանջէ:

Դուք շատ  լաւ խօսեցաք Սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութեան մասին.  վաղու՞ց  բարեկամացած էք:

-Նախարարութեան ստեղծման առաջին օրերէն հետեւած եմ անոր բոլոր ծրագիրներուն , աշխատանքներուն:  «Այգ»-ը  առաջին եւ միակ ռատիօկայանն է,  որ  հենց  սկիզբէն ալ սկսած է համագործակցիլ  նախարարութեան հետ.  միշտ կը կարդամ մամուլը,  բոլոր հրապարակումները: 2014-ին նախարարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լաւագոյն հրապարակումներու մրցոյթին մէջ մեր ռատիօկայանը արժանացաւ առաջին կարգի մրցանակի:  Ես նախարարութեան ամէն մէկ նոր ծրագիրի առաջին արձագանքողն  ու տարածողն եմ իմ կայք-էջի,  դիմատետրին վրայ:

Շաքէ՛,  խնդրեմ պատմէք Ձեր արմատներուն մասին…

-Արմատներս  Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգի Չմշկածագ գիւղէն են: Յուզիչ  պատմութիւն մը կայ. Հայոց ջարդի ժամանակ մեծ մայրիկս ու հայրիկս Հալէպ հասնելու  տառապալից   Ճանապարհին ուժասպառ ըլլալով,  չկարենալով այլեւս  քալել,  ճանապարհին  կը ձգեն իրենց  ծծկեր փոքրիկը.  այս միջադէպը  ողջ կեանքին մէջ  հանգիստ չէ տուած մեծ մօրս եւ այդ ցաւով ալ գնաց այս աշխարհէն,  ատիկա ալ եղաւ   անոր  մահուան հիմնական պատճառը….Հայու՛  ճակատագիր,  հայու ցաւ՛…

Իսկապէ՛ս,  այնչափ յուզիչ  պատմութիւն մը,  որ  միլիոնաւոր  հայերու  ճակատագիրէն    դրուագ մըն է….Շաքէ,  այսօրուան հայուն ինչպիսի՞ն  կ’ուզէիք  տեսնել:

– Ես պատրաստ եմ այս հարցին պատասխանելու. կ’ուզէի,  որ բոլոր պարագաներուն հայը մարդու կոչումին հաւատարիմ մնայ  եւ  բարեացկամ ըլլայ.  այսպիսի՛ն է հայու լաւագոյն  տեսակը ինծի համար:

Այս մաղթանքներով կ’աւարտէ Շաքէ Մանկասարեանի` հայուհիի լաւագոյն տեսակի ներկայացուցիչներէն մէկուն հետ ունեցած իմ զրոյցս:

 Կարինէ Աւագեան

Scroll Up