Հալէպի ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան ՄԷջ Նշուած Է ՀՀ Անկախութեան 27-ամեակը
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Պաաթ կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար Ֆատըլ Նաճարը, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապը: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, այս մասին կը գրէ Հալէպի «Էլ Ճամահիր» կայքը:
Ընդունելութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է ձեռնարկին մասնակելու համար` ընդգծելով, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդները Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ենթարկուած են նոյն ահաբեկչութեան, թալանին, ցեղասպանութեան: Սակայն այսօր ամուր կառչած են իրենց հողին եւ պիտի կառուցեն իրենց երկիրը:
Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան նշած է, որ հայերը, թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ ըլլալով, ապաստան գտած են Սուրիոյ մէջ, եւ այսօր անոնք Սուրիոյ ժողովուրդի անբաժան մաս կը կազմեն: Դոկտոր Հուրի Ազիզեան նշած է, որ այսօրուան տօնակատարութիւնը կը փաստէ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու ամրութիւնը:
Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր խօսքին մէջ ընդծած է, որ մեր ժողովուրդները մէկ պատմութիւն եւ ճակատագիր ունին:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան իր հերթին նշած է, որ իրենք Սուրիոյ քաղաքացի են, պիտի մնան ու կառուցեն այդ երկիրը` կոչ ուղղելով պատերազմի հետեւանքով արտագաղթած սիրիահայերուն յետ վերադառնալ եւ աջակցիլ վերակառուցման աշխատանքերուն:
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան նշած է, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններու խորութեան շնորհիւ է, որ կրցան յաղթահարել դժուարութիւններն ու դիմակայել ահաբեկչութեան: Գերաշնորհ Տէրը աւելցուցած է նաեւ, որ հայերը չհեռացան, շարունակեցին ապրիլ երկրին մէջ եւ պայքարիլ բոլոր տեսակի ահաբեկչութիւններուն դէմ:
Աւելցնենք, որ սոյն ընդունելութեան կը մասնակցէին նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հալէպի համալսարանի Պաաթ կուսակցութեան քարտուղար Իպրահիմ Էլ Հատիտը, համալսարանի տնօրէն Մուսթաֆա Էֆիունին, կուսակցութեան մասնաճիւղի անդամ Ապտուլլահ Հանիշը, քրիստոնեայ թեմերու առաջնորդներ, ժողովրդական, տնտեսական եւ պաշտօնական շրջանակներու շարք մը ներկայացուցիչներ: