Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան Կ՛այցելէ Սուրիա

Սուրիոյ  Արաբական Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան սեպտեմբեր 20-ին Դամասկոսի ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում  ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովսէփ եպս. Առնաութեանի, Սուրիոյ մէջ ՀՀ  դեսպան Արշակ Փոլատեանի եւ Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովի պատգամաւոր Նորա Արիսեանի հետ:

Այնուհետեւ սփիւռքի նախարարը Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ հանդիպած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը ընթացած է հարց ու պատասխանի ձեւաչափով, եւ ներկաները հնարաւորութիւն  ունեցած են  սփիւռքի նախարարին յղելու իրենց մտահոգող հարցերը:

Նշենք, որ 2011 թուականէն ի վեր, երբ սկսաւ սուրիական պատերազմը, Մխիթար Հայրապետեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող առաջին պաշտօնեան է, որ պիտի մեկնի Հալէպ:

Scroll Up