Կը Նախատեսուի Սփիւռքի Նախարարութեան Աջակցութեամբ «Ազգի Պարծանքներ» Անուանումով Մրցանակաբաշխութիւն Կազմակերպել

Սեպտեմբեր 10-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպեցաւ «Արմէնիա փրոտաքշն» արտադրողական կեդրոնի հիմնադիր եւ գլխաւոր արտադրող Վալերի Սահարեանի հետ:

Ներկայացնելով իր գործունէութիւնը` հիւրը նշեց, որ նոր շունչ է առկայ Հայաստանի մէջ, կը ստեղծուին իրական արժէքներ, եւ այս ամէնը նոր  բանի մը մասին մտածելու, նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու ազդակներ կու տայ:

Վալերի Սահարեան նախարարին տեղեկացուց, որ կը նախատեսուի նոր ձեւաչափով մրցանակաբաշխութիւն կազմակերպել, որ պիտի կրէ «Ազգի պարծանքներ» անուանումը, ամէն տարի պիտի իրականացուի հայկական խոշոր համայնքներ ունեցող երկիրներէն մէկուն մէջ եւ  պիտի բացայայտէ,  հանրահռչակէ տաղանդաւոր հայերուն: Անոնք կրնան ներկայացնել տարբեր բնագաւառներ` մշակոյթ, բժշկութիւն, գործարարութիւն եւ այլն: Որպէս օրինակ` Վալերի Սահարեան ներկայացուց ամերիկահայ սրտաբան Հրայր Յովակիմեանին, որ բազմաթիւ կեանքեր  փրկած է եւ իրական հերոս է: Մխիթար Հայրապետեան, համաձայնելով Վալերի Սահարեանի հետ, նշեց, որ Հրայր Յովակիմեանի օրինակը իրօք շատ ոգեւորիչ է, եւ անոր մասին ֆիլմ նկարահանելու առաջարկ ըրաւ:

«Յեղափոխութենէն յետոյ այսպիսի մրցանակաբաշխութիւն իրականացնելու գաղափար ծնաւ»,-ըսաւ յայտնի արտադրողը եւ աւելցուց, որ ցանկութիւն կայ այն իրագործել սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ: «Մրցանակակիրներու ընտրութեան հարցով   անհրաժեշտ է մեզի նախարարութեան աջակցութիւնը», -նշեց հիւրը:

Նախարար Մխիթար Հայրապետեան համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:

 

Scroll Up