Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդները հանդիպեցան Սեւան Գապագեանի հետ
Յուլիս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագիրի Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացներու մասնակիցները հանդիպեցան «Դէպի Հայք» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապագեանի եւ ծրագիրի մասնակից Տիանա Խառատեանի հետ:
Սեւան Գապագեան երիտասարդ առաջնորդներուն ներկայացուց 2004 թուականին հիմնադրուած «Դէպի Հայք» հիմնադրամի գործունէութիւնը: Խօսելով ծրագիրի նպատակներուն մասին` ան նշեց, որ իրենք ունին մէկ ընդհանուր նպատակ` սփիւռքահայ երիտասարդներուն կապել հայրենիքին, որպէսզի անոնք Հայաստան ճանչնան ո՛չ թէ զբօսաշրջիկի աչքերով, այլ աւելի խորքէն:
Խօսելով հիմնադրամի առաքելութեան մասին` Սեւան Գապագեան նշեց, որ հիմնադրամը կը փորձէ զարգացնել ու ամրապնդել Հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ կապերը` հնարաւորութիւն տալով սփիւռքահայ երիտասարդներուն կամաւորական աշխատանքներով մասնակից դառնալու Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ նպաստելու հայրենիքի զարգացման:
«Դէպի Հայքը» բաց ծրագիր է, որուն կրնան մասնակցիլ 20-32 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներ. տեւողութիւնը 9 շաբաթէն մինչեւ մէկ տարի է: Անցնող տարիներուն վիճակագրութեան համաձայն `մասնակիցներու 50 տոկոսը ԱՄՆ-էն է, միւսները Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն եւ եւրոպական երկիրներէ:
Ներկայացնելով ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուող կամաւորական աշխատանքները` Սեւան Գապագեան շեշտեց, որ կազմակերպութիւնը կ’ընէ հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի կամաւորի փորձառութիւնը ըլլայ նպատակային:
Սեւան Գապագեան խօսեցաւ նաեւ մասնակիցներու ճանապարհածախսի փոխհատուցման մասին, ներկայացուց «Հիւրընկալ ընտանիք» ծրագիրը:
Բացի կամաւորական աշխատանքներէն, որոնց տեւողութիւնը շաբաթական 30 ժամ է, մասնակիցներուն համար կը կազմակերպուին հայերէնի ուսուցման դասընթացներ, շրջագայութիւններ, սփիւռքահայ երիտասարդները ծրագրուած հանդիպումներու շնորհիւ հնարաւորութիւն կ’ունենան ծանօթանալու տարբեր ոլորտի մարդոց հետ:
«Դէպի Հայքի» կամաւորական աշխատանքներուն ընդգրկուած Տիանա Խառատեան կ’ապրի Մոսկուա, կ’աշխատի քաղաքի դրամատուներէն մէկուն մէջ: Արձակուրդը որոշած է իրականացնել Հայաստանի մէջ, կամաւորական աշխատանքի միջոցով փորձել ոչ միայն ճանչնալ, այլեւ բացայայտել Հայաստանը: Խօսելով «Օրրան» բարեգործական կազմակերպութեան մէջ իր կատարած աշխատանքին, մէկամսեայ փորձառութեան մասին` Տիանան սփիւռքահայ երիտասարդներուն խորհուրդ տուաւ մասնակցելու ծրագիրին ու սեփական փորձով բացայայտել Հայաստանը. «Կը տխրիմ, որ ստիպուած եմ վերադառնալու: Կը ցանկայի աւելի երկար մնալ: Այստեղ ես ո՛չ միայն հնարաւորութիւն ունեցայ աշխատելու, այլեւ կրցայ ծանօթանալ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած երիտասարդներու հետ, որոնք կը խօսին արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն կամ ընդհանրապէս հայերէն չեն խօսիր: Սա ուրիշ կեանք մըն էր ինծի համար, որ մէկ այլ տեղ չէի կրնար գտնել»:
Հանդիպման աւարտին Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացներու մասնակիցները իրենց հարցերը ուղղեցին Սեւան Գապագեանին: