Մխիթար Հայրապետեան Վարչապետի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Կազմին մէջ Կը Մեկնի Ֆրանսա

Սեպտեմբեր 14-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մակրոնի հրաւէրով աշխատանքային այցով կը մեկնի Ֆրանսա: Վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Նախարարն այցի ծիրէն ներս վարչապետ Փաշինեանի հետ միասին կը հանդիպի ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Մխիթար Հայրապետեան անհատական հանդիպում ունենայ համայնքի աշխոյժ երիտասարդ գործիչներու հետ:

Scroll Up