«Երկար ճանապարհ անցած Ձեր կառոյցը պիտի շարունակէ իր հայրենանուէր ու հայանպաստ գործունէութիւնը».Հրանոյշ Յակոբեան

Տիա՛ր Պերճ Սեդրակեան,

Ի սրտէ եւ հպարտութեան խոր զգացումով կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան բոլոր անդամները՝ կառոյցի 110-ամեակին առիթով:

Եգիպտոսի մէջ ծնունդ առած, դարադարձ ապրած եւ փառաւոր պատմութիւն կերտած Ձեր, սակայն նաեւ մեր կազմակերպութիւնը, տասնամեակներ շարունակ արծիւի պէս թեւերը բացած ճախրեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի աւելի քան 30 համայնքներու երկրնակամարին եւ իր կրթական մշակութային եւ բարեսիրական ծրագիրներով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ վիշտ ու ցաւ տեսած, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եւ օտար ափերու մէջ հաստատուած հայ ժողովուրդի վերապրումի եւ վերականգնումի գործին մէջ։

Ցեղասպանութեան օրերուն ՀԲԸՄ-ը իր ուսերուն վրայ վերցուց հայ ժողովուրդի գոյապահպանման առաքելութիւնը, Հայաստանի անկախացումէն ետք կառոյցը ընդարձակեց իր գործունէութիւնը եւ անցաւ Հայրենիքի բարգաւաճման, հայ ազգի համար կայուն ապագայ ապահովելու կարեւոր գործին եւ միշտ եղաւ ու մնաց Հայրենիքի կողքին։

Առ այսօր ՀԲԸՄ-ը դպրոցաշինութեամբ, հայ եկեղեցւոյ, համալսարաններու, ուսուցիչի, ուսանողի, մշակոյթի եւ կրթութեան գործիչներուն օժանդակելով, վճռական խիզախութեամբ կը շարունակէ իր  առաքելութիւնը՝ նպաստելով հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներու ամրապնդման, երիտասարդներու արհեստավարժ մակարդակի բարձրացման, մրցունակ հայու պատրաստման։

Այսօր, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ծայր առած դժուարին մարտահրաւէրներուն ականջալուր, Ձեր կազմակերպութիւնը իր բոլոր ճիգերը ի գործ կը դնէ՝ սատար կանգնելու Սուրիոյ մէջ ապրող եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած Սուրիահայութեան. կը փորձէ հնարաւոր բոլոր միջոցները ստեղծել՝ սուրիահայը Հայաստանի մէջ պահելու, իր Հայրենիքին մէջ արարելու հնարաւորութիւն ստեղծելու համար։

ՀԲԸՄ-ը նաեւ Արցախի կողքին է՝ խստօրէն դատապարտելով ատրպէյճանական զինուժի յարձակումը Արցախի վրայ, եւ կոչ ընելով Եւրոպական Միութեան անվերապահօրէն դատապարտել հրադադարի ժամանակ անոր կատարած յարձակումը՝  ՀԲԸՄ-ը նաեւ աջակից է հայ զինուորին եւ նեցուկ՝ Արցախցիին։

Յարգելի՛ Պարոն Սեդրակեան,

Առաւել քան վստահ եմ, որ երկար ճանապարհ անցած Ձեր կառոյցը պիտի շարունակէ իր հայրենանուէր ու հայանպաստ գործունէութիւնը՝ ապրելով բազում դարադարձեր։ Մէկ դար եւ 10 տարի գործած այս կառոյցը այլեւս երբեք կանգ չ’առներ, ան պիտի շարունակէ սլանալ դէպի նոր հորիզոններ՝ օգնելու նաեւ հայ ժողովուրդին դիմակայելու իր առջեւ դրուած բոլոր մարտահրաւէրները եւ իր ողջ ներուժը ի գործ պիտի դնէ՝ աջակցելու Հայրենիքի հզօրացման։

Մէկ անգամ եւս շնորհաւորելով ՀԲԸՄ-ի 110 ամեակը՝ կը մաղթեմ անոր յարատեւ թռիչք, Ձեզի եւ Ձեր կառոյցի բոլոր անդամներուն կը մաղթեմ անկոտրում կամք, ուժ եւ կորով, անսահման եռանդ՝ Ձեր ազգանուէր գործը շարունակելու համար։

 Յարգանքով՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար

Հրանոյշ Յակոբեան

 

Scroll Up