«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցները Մէկ Օր Անցուցին Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի Հետ
Այսօր` օգոստոս 23-ին, Ծաղկաձորի Հայաստանի գրողներու միութեան հիւրատան մէջ տեղի կ’ունենայ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի փակման արարողութիւնն ու հրաժեշտի խարոյկը, որուն ներկայ կը գտնուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Մինչ այդ` օգոստոս 22-ին, ճամբարականներուն այցելած էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Ծրագիրի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան մէկ օր անցնել նախարարին հետ` խաղալով ճատրակ եւ ֆութպոլ: