ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Վրաստանի ՄԷջ Մասնակցած Է Շարք Մը Հանդիպումներու

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան կազմին մէջ երկօրեայ այցով Վրաստանի Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան մասնակցած է պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններուն:
Հայկական պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է նախագահական նստավայրին մէջ: ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարները հանդիպած են նաեւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարին եւ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական թատրոնի դերասաններուն հետ:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի առաջնորդութեամբ պատուիրակութիւնն այցելած է Թիֆլիսի «Հայարտուն» մշակութային կեդրոն, Սուրբ Գէորգ եկեղեցի եւ հանդիպած հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այսօր Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ այցելած է «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոն: