Իրանաբնակ Երիտասարդին Համար «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրը Հայրենասիրութեան Մեծ Դաս Է
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակից, իրանաբնակ Լուսինէ Վարդանեան նորածին եղած է, երբ ընտանիքին հետ Երեւանէն գացած են Թեհրան ապրելու: Այնտեղ յաճախած է «Յովհաննէս Թովմասեան» օրիորդաց հայկական դպրոց:
Աւարտելով ուսումը` այս տարի ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան եւ կառավարման բաժանմունք, որ Լուսինէին համար Հայրենիք վերադառնալու հիանալի առիթ ստեղծած է: Եղբայրը նոյնպէս Հայաստանի մէջ կ՛ուսանի:
«Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալը կեանքիս ամենակարեւոր որոշումներէն մէկն է: Մեր տան մէջ միշտ խօսած ենք հայրենադարձուելու մասին եւ հիմա ուրախ եմ, որ վերջնականապէս Հայաստան պիտի գանք»,-ըսաւ Լուսինէն` աւելցնելով, որ շուտով ծնողները նոյնպէս կը միանան իրենց:
Անդրադառնալով Իրանի հայկական համայնքին` «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցն ըսաւ, որ շատ համախմբուած եւ գործուն համայնք է, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու կողմէ մշտապէս կը կազմակերպուին ազգապահպան ձեռնարկներ, բոլորը հայերէն կը խօսին եւ ամենակարեւորը` գրաճանաչ եւ տառաճանաչ են: Իսկ պարսիկներուն հետ ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւններ ունին, որոնք կը սիրեն եւ կը յարգեն հայերուն:
Լուսինէն հպարտ է հայ ըլլալուն համար: Ան այն կարծիքին է, որ տարիներ շարունակ երազած է , որ Հայաստանի անկախացումէն ետք պէտք է բոլորս նուիրուինք մեր երկրի շէնացման սուրբ գործին եւ սերունդներուն աւելի բարեկեցիկ երկիր փոխանցենք:
«Ընկերուհիիս հետ որոշած ենք մասնակցիլ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին, տպաւորութիւններս հիանալի են: Վերադառնալով Թեհրան` միւս ընկերներուս խորհուրդ պիտի տամ, որ անոնք միւս տարի անպայման մասնակցին, քանի որ այն, իրօք, սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար հայրենասիրութեան մեծ դաս մըն է»,-զրոյցն ամփոփեց Լուսինէն:
Գէորգ Չիչեան