Հոլանտաբնակ Սիւզին «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրէն Ներս Հետաքրքիր Ժամանակ Կ՛անցնէ

Տասնեօթ տարեկան Սիւզի Գրիգորեան ծնած է Հայաստան: 2008 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուելով Հոլանտա` կապը ծննդավայրին հետ չէ խզած. կը  շփուի հարազատներուն հետ, հեռուստացոյցի, համացանցի միջոցով Հայաստանի մասին պատմող ֆիլմեր կամ հաղորդումներ կը դիտէ` այդպիսով սփոփելով կարօտը:

Ճիշդ է, հոլանտական դպրոց կը յաճախէ, բայց հայերէնը կը գերիշխէ իրենց ընտանիքէն ներս, քանի որ կը գիտակցին օտարութեան մէջ Մայրենիով խօսելու կարեւորութիւնը: Դպրոցին մէջ հայ ընկերուհիներ ալ ունի, որոնց հետ մտերմացած է, ազատ օրերուն յաճախ կը հանդիպին, կը զբօսնեն եւ հաճելի ժամանակ կ՛անցնեն:

«Հոլանտա երթալէ ետք առաջին անգամ կ՛այցելեմ Հայաստան: Անսահման կարօտցած էի իմ երկիրը, մարդոց, ուտելիքները: Տեսնելով Երեւանի ներկայիս զարգացած վիճակը, բարեկարգ այգիներն ու ժամանցի վայրերը` շատ ուրախացայ, մեծ սիրով հոլանտացի ընկերներուս կը հրաւիրեմ Հայաստան տեսնելու»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սիւզին:

Տեղեկանալով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին մասին` Սիւզին որոշած է անպայման մասնակցիլ, քանի որ կը կարծէ` այն Սփիւռքի երիտասարդները Հայաստանի շուրջ համախմբելու,անոնց հայկական աւանդոյթներուն ու մշակոյթին ծանօթացնելու հիանալի միջոց է: Միաժամանակ կը ցանկայ աւելի լաւ ճանչնալ իր Հայրենիքը եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ծրագրին մասնակցող հասակակիցներու հանդիպիլ:

Արդէն հինգ օր է, որ Սիւզին խումբին հետ կը շրջի ծրագիրով նախատեսուած վայրերով, հայոց լեզուի եւ ճանաչողական դասընթացներու կը մասնակցի:

Խօսելով տպաւորութիւններուն մասին` ան ըսաւ, որ հետաքրքիր ժամանակ կ՛անցնէ, ծրագիրին կազմակերպիչները հոգատար են իրենց  հանդէպ եւ կ՛ընեն ամէն ինչ, որ իրենք գոհ մնան:

Անհամբեր կը սպասէ ճամբար երթալուն, քանի որ իմացած է` այնտեղ նոյնպէս յագեցած առօրեայ պիտի ունենան. ազգային երգ ու պար պիտի սորվին, մարզական ձեռնարկներու պիտի  մասնակցին, պիտի հանդիպին պետական գործիչներու եւ հանրային ճանաչում ունեցող մարդոց հետ:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up