Աւարտեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի Անցումային Երրորդ Փուլը

Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 հիմնական դպրոցին մէջ օգոստոս 2-ին տեղի ունեցաւ  «Արի տուն» ծրագիրի անցումային երրորդ փուլի փակման արարողութիւնը: Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցները` Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ անոնք օտար երկիրներու մէջ հայու շառաւիղներն են եւ պէտք է իմանան, որ Հայաստանն իրենց Հայրենիքն է, ուր վաղ թէ ուշ`պիտի  վերադառնան:  «Կը յորդորեմ շարունակել պահպանել սերտ կապը Հայրենիքի հետ եւ մասնակցիլ հայապահպանութեան ուղղուած այլ ծրագիրներու նոյնպէս: Դուք հայ ժողովուրդի զաւակներն էք, մենք միշտ կը սպասենք ձեզ»,-ընդգծեց Սիրվարդ  Համբարեան:

Ձեռնարկի գեղարուեստական հատուածին մէջ սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները ներկայացան ազգային, ժողովրդական երգերու ու պարերու կատարումներով, ասմունքով: Անոնք նաեւ թեւաւոր խօսքեր եւ ժողովրդական ասոյթներ ըսին հայոց լեզուի մասին, իսկ աւարտին միասնաբար երգեցին «Էրեբունի-Երեւան» երգը եւ հնչեցուցին «Հայր մեր» Տէրունական աղօթքը:

Ծրագիրին մասնակիցները շրջայց կատարեցին դպրոցի Եղիշէ Չարենցի անուան սենեակին մէջ, ծանօթացան անոր կեանքին ու ստեղծագործական գործունէութեան, տեսան սենեակին մէջ պահուող մեծանուն գրողի  անձնական գորգը:

Յիշեցնենք, որ «Արի տուն» ծրագիրի անցումային երրորդ փուլին կը մասնակցէր 33 պատանի` Ռուսաստանէն, Մոլտովայէն, Լաթվիայէն, ՊԵլճիգայէն եւ Ֆրանսայէն:

Scroll Up