«Զգացի` Կարծես Մայրս Գրկեց Զիս». Սփիւռքահայ Պատանիները Հայաստանի Մէջ

Յուլիս 2-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ մեկնարկեց «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային փուլը, որուն կը մասնակցին 61 պատանի Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Հոլանտայէն, Պելճիգայէն, Չեխիայէն, Սլովակիայէն, Գերմանիայէն, Կիպրոսէն, Իրաքէն եւ ԱՄՆ-էն:

Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցները` Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան անոնց բարի գալուստ ու բարի վերադարձ մաղթեց եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին կը հասցնեն ճանչնալ իրար, մտերմանալ: «Դուք եկած էք նոր Հայաստան, ուր երկրի տէրը հասարակ քաղաքացին է: Շատ բան  փոխուած է շնորհիւ թաւշեայ յեղափոխութեան, որ իրականացուեցաւ նաեւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու աջակցութեամբ: Սա հայ մարդու յաղթանակն էր: Սակայն այն դեռ աւարտած չէ, որովհետեւ մեր անձի, անհատի, մտածելակերպի, արժեհամակարգի մէջ եւս պիտի փոփոխութիւններ ըլլան:

Դուք այս օրերուն ընթացքին կը բարելաւէք հայերէնի ձեր իմացութիւնը, կ’այցելէք Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, սակայն ես ձեզի պիտի խնդրեմ, որ շատ շփուիք հասարակ մարդոց հետ, ճանչնաք ձեր հայրենիքը իր բնակիչներով»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեան:

Նախարարն ընդգծեց, որ համայն հայութեան նորարար, ստեղծագործ միտքը, ներուժը պէտք է ծառայէ ի նպաստ Հայաստանի, ի բարօրութիւն հայ մարդուն: «Միասնական եւ ամէն մէկ հայու նկատմամբ հոգատար ըլլալով` մենք կրնանք լուծել իւրաքանչիւր խնդիր: Այսօր պետութիւնն իր առջեւ նպատակ դրած է առաւել ամրապնդել, սերտացնել կապը Սփիւռքի հետ, եւ մեր գերխնդիրն է` այնպիսի երկիր ստեղծել, որ բոլոր ցանկացողները կարենան վերադառնալ»,-շեշտեց Սփիւռքի նախարարը:

Իրաքահայ Ռիթա Մովսիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ նշեց, որ երկու օր է, որ Հայաստանի մէջ է, սակայն արդէն գտած է իր հանգստութիւնը: «Զգացի` կարծես մայրս  գրկեց զիս»,-ըսաւ Ռիթան:

Ծրագիրը կը տեւէ մինչ յուլիս 14, որուն ընթացքին մասնակիցները կ՛այցելեն Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, թանգարաններ, այցլելութիւն կը կատարեն զօրամաս, ճատրակի մրցախաղ կ’ունենան Սփիւռքի նախարարին հետ, կը հանդիպին մշակոյթի գործիչներու:

Scroll Up