Կ’աւարտէ «Արի Տուն» 2017 Ծրագիրը

Օգոստոս 25-ին, ժամը` 18.00-ին, Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի վերջին` ութերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր:

Արիտունցիները հանդէս պիտի գան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած են ճամբարային օրերուն ընթացքին:

«Արի տուն» ծրագիրի 8-րդ փուլին կը մասնակցի 67 պատանի 13 երկրէ` Ռուսատանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Ապխազիայէն, ԱԷՄ-էն, Սուրիայէն, Լաթվիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն եւ Լեհաստանէն:

2017 թուականին «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը հիւրընկալած է 36 երկրէ ժամանած 1061 սփիւռքահայ երիտասարդներու:

Լրագրողները տեղափոխող հանրակառքը կը շարժի օգոստոս 25-ին, ժամը` 16.30-ին, Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակէն (հասցէն` Վ.Սարգսեան 3):

 

Scroll Up