Մեկնարկեց Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» Հայրենաճանաչութեան Ծրագիրի 4-րդ Փուլը

Յուլիս 30-ին մեկնարկեց Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի անցումային 4-րդ փուլը, որուն կը մասնակցին 32 պատանիներ`  Ռուսաստանէն, Յունաստանէն, Աւստրիայէն, Լիբանանէն  եւ Ֆրանսայէն:

Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեցին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան եւ աշխատակազմի ղեկավար Երեմ Սիմոնեան, որոնք պատկերաւոր ներկայացուցին արիտունցիներու ընելիքները 14 օրերուն ընթացքին: Խօսեցան մասնաւորապէս  ծրագիրի նպատակին մասին:

Սփիւռքէն ժամանած մեր հայրենակիցներուն յորդորեցին ճանչնալ Հայաստանը, Երեւանն իր ամբողջ գեղեցկութեամբ, հայոց լեզուի  եւ հայոց պատմութեան արագացուած  դասաւանդման ընթացքին փորձել հնարաւորինս շատ բան սորվիլ:

Փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Ես նոյնպէս Սփիւռքի մէջ  ծնած եմ, սակայն արդէն 6 տարի` կ՛ապրիմ Հայաստան: Առաջին այցս հայրենիք ամենատպաւորիչը եղած է, ու հէնց ատոր հիման վրայ ալ որոշած եմ վերադառնալ: Կը կարծեմ` այստեղ սերտ կապեր պիտի ստեղծէք, ու երբ երթաք ձեր բնակութեան երկիր, պիտի զգաք, որ Հայաստանը ձեր տունն է, եւ այստեղ ձեզ միշտ կը սպասեն»:

Արիտունցիները ողջունեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Երեմ Սիմոնեան: Ան ընդգծեց, որ ծրագիրի իւրաքանչիւր օրուայ ընթացքին հայրենիքը նորովի կը բացայայտուի մասնակիցներուն համար, անոնք ամենուրէք կը զգան հայկականութեան շունչը: Խնդրեց երեխաներուն սիրել այն հիւրընկալ ընտանիքները, ուր պիտի ապրին այս օրերուն ընթացքին, եւ ընդունել անոնց հարազատի պէս:

Հանդիպման աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ հիւրընկալ ընտանիքներէն ներկայ գտնուող մէկը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց  Հայաստանի նոր կառավարութեան, Սփիւռքի նախարարութեան`  այս հիանալի ծրագիրին եւ իրենց վստահելու  համար:

Scroll Up