Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Նամականիշի Մարում Եւ Գիտաժողով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/IMG_2790.jpg)
Յուլիս 26-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի մարում եւ գիտաժողով:
Նամականիշի մարման արարողութեան մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան, ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւներու նախարարի տեղակալ Արմէն Արզումանեան, ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, «Հայփոստ» ՓԲԸ գլխաւոր գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հայկ Աւագեան, Հայաստանի դրոշմահաւաքներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:
ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան: Շնորհաւորելով ՀՄԸՄ 100-ամեակին առթիւ` փոխնախարարը մասնաւորապէս նշեց. «ՀՄԸՄ-ն իր ստեղծման օրուընէ մշտապէս իրականացուցած է տարբեր ազգապահպան ծրագիրներ` սերունդներուն դաստիարակելով հայրենասիրական եւ մարդասիրական արժէքներով: Ինծի համար, որպէս նախկին ՀՄԸՄ-ական, եւ նախկին ՀՄԸՄ-ականներու զաւակ, այնչափ ոգեւորիչ են այս յոբելեանի առիթով տեղի ունեցող տօնախմբութիւնները: Պատիւ ունենալով մասնակցելու ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն` հերթական անգամ վերապրեցայ այն զգացմունքները, որ երբեւէ ունեցած եմ սկաուտական շարքերուն եղած ժամանակ: Համոզուած եմ, որ հայրենիքի մէջ համախմբուած ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամները դրական մեծ լիցքեր կը ստանան եւ նոր ուժով, նոյն եռանդով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Կը վստահեցնեմ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստակամ է մշտապէս աջակցելու ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներուն, որ կը յանգեցնէ որակական նոր մակարդակի համագործակցութեան: Մենք այսօր նոր սկիզբ կը դնենք Հայաստան-Սփիւռք կապերուն` նոր ձեւաչափով գործելով նոր Հայաստանի մէջ, եւ ուրեմն, եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առթիւ եւ գիտաժողովի աշխատանքներուն կը մաղթեմ արդիւնաւէտ ընթացք»:
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Իշխան Եղայեան: «ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին այս գիտաժողովը աննախընթաց կարեւորութիւն ունի` հայակերտման ու հայապահպանութեան կառոյցի գործունէութեան ուսումնասիրութեան, արժեւորման, գնահատման առումով», – նշեց ան:
«ՀՄԸՄ կազմաւորումը, առաջին քայլերն ու գործունէութիւնը» թեմայով զեկուցումով հանդէս եկաւ ցեղասպանագէտ Հայկ Դեմոյեան` ներկայացնելով կազմակերպութեան ստեղծման ու կայացման պատմութիւնը:
ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենադպիր Յարութ Չէքիճեանի «Մայր Հայրենիք վերադարձն ու գործունէութիւնը (1918-1921)» թեմայով զեկուցումը կը վերաբերէր ՀՄԸՄ յետագայ զարգացման ընթացքին:
«ՀՄԸՄ-ն իբրեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ջահակիր, եւ համասփիւռքեան կառոյցի ստեղծումը» թեմայով զեկոյցը ներկայացուց Տիգրան Ջինբաշեան:
«Վերընձիւղում Հայրենիքի մէջ եւ գործունէութիւնը 1989-էն մինչեւ մեր օրերը» թեմայով զեկուցեց Գեղամ Մանուկեան` ներկայացնելով վերջին տասնամեակներուն կազմակերպութեան գործունէութեան վերսկսումը Հայաստանի մէջ:
Ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ Շաւարշ Քրիսեան: