Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ Երեւանի Ստեփան Զօրեանի Անուան Դպրոցը Եւ Փարիզի «Դպրոցասէր» Ամէնօրեայ Վարժարանը Դարձան Քոյր Դպրոցներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/քույրացում2.jpg)
Հոկտեմբեր 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայապահպանութեան եւ երիտասարդ սերունդի հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան նպատակով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթօճախներուն միջեւ «Քոյր դպրոցներ» ծրագիրի ծիրէն ներս Փարիզի «Դպրոցասէր» ամէնօրեայ վարժարանի եւ Երեւանի Ստեփան Զօրեանի անուան թիւ 56 դպրոցի միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր, որ ստորագրեցին Փարիզի «Դպրոցասէր» ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Հայկ Սարգսեան եւ Ստեփան Զօրեանի անուան դպրոցի տնօրէն Սուսաննա Գալստեան:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ իրականացնելու համատեղ ուսումնական, կրթական ծրագիրներ, փոխանակելու տեղեկատուութիւն, կրթօճախներու, մանկավարժներու եւ աշակերտներու փոխճանաչման նպատակով կազմակերպելու փոխայցելութիւններ:
Կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերին նաեւ կազմակերպելու ուսուցիչներու վերապատրաստում, մանկավարժական փորձի փոխանակում, առցանց հաղորդակցութեան ապահովում, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի առարկայական դասընթացներու մշակում եւ առցանց ուսուցման կազմակերպում:
Յուշագիրի ծիրէն ներս կը նախատեսուի հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան, հայագիտական գիտելիքներու համատեղ մրցոյթներու կազմակերպում, հեռավար բաց դասերու, թեմատիկ տեսահամաժողովներու, կլոր սեղաններու, բանավէճերու իրականացում, աշակերտներու շփման առցանց հնարաւորութիւններու ստեղծում, սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, կրթամշակութային եւ երիտասարդական ծրագիրներուն աշխոյժ մասնակցութիւն: