Սփիւռքի Նախարարի Կիպրոսեան Այցելութիւնները Շարունակուեցան «Մակեդոնիտիսսա» Ռազմական Յուշահամալիրէն Ներս, ՀԲԸՄ Նիքոսիոյ Ակումբին Եւ «Մելքոնեան» Կրթական Հաստատութեան ՄԷջ

Յուլիս 25-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Կիպրոսի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս այցելեց «Մակեդոնիտիսսա» ռազմական յուշահամալիր եւ ռազմական գերեզմանատուն, ծաղկեպսակ դրաւ` յարգանքի տուրք մատուցելով յունական եւ կիպրական զոհերուն յիշատակին:
1974 թուականի յուլիս 20-ին թրքական զինուած ուժերը ներխուժած են Կիպրոս, որմէ ետք  գրաւած են կղզիի մէկ երրորդը, ուր հռչակած են Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը:
Նախարարն այցելեց նաեւ ՀԲԸՄ Նիքոսիոյ ակումբ եւ «Մելքոնեան» կրթական հաստատութիւն, ուր ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եակուբեանի ուղեկցութեամբ շրջեցաւ հաստատութեան մասնաշէնքերուն մէջ, ծանօթացաւ հաստատութեան փակման պատճառներուն ու այս հարցով ՀԲԸՄ դիրքորոշման: Նախարարը հանդիպեցաւ ու լսեց նաեւ վերոնշեալ կրթական հաստատութիւնն աւարտած քանի մը ներկայացուցիչներու, ծանօթացաւ առկայ մտահոգութիւններուն, դիտարկումներուն ու կարծիքներուն:

Scroll Up