ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Լիբանան

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Դեկտեմբեր 10-13 աշխատանքային այցով մեկնած է Լիբանան:
Դեկտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը կը հանդիպի Լիբանանի խորհրդարանի հայ պատգամաւորներու, նախարար Արթուր Նազարեանի, ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՌԱԿ կուսակցապետերուն հետ: Կը կայանայ ՀՀ նոր կառավարութեան ծրագիրի եւ առաջնահերթութիւններու քննարկում:
Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարը կ’այցելէ ՀԲԸՄ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ իրականացուող Հայկական աւանդական սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ:
Նոյն օրը Հրանոյշ Յակոբեան կը մասնակցի «Հայաստանը Լիբանանի սրտին մէջ» ձեռնարկին` նուիրուած Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու Անկախութեան 25-ամեակին:
Դեկտեմբեր 11-ին սփիւռքի նախարարը ներկայ կը գտնուի Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:
Այնուհետեւ կը մասնակցի Քրիստոնէական Ջանից ամառնային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած հանդիպում-քննարկման:
Օրուան աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան ներկայ կը գտնուի օփերայի երգչուհի Լէոնորայի (Արեւիկ Թանաշեան) մենահամերգին:
Դեկտեմբեր 12-ին Հրանոյշ Յակոբեան կ’այցելէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին:
Լիբանանի ՀՀ դեսպանատան մէջ կը մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ներկայացուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին:
Ցուցահանդէսի աւարտին Հ. Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պարգեւներ, մետալներ եւ 2015թ. Համահայկական մրցանակաբաշխութեան մրցանակներ կը յանձնէ Լիբանանի հայ համայնքի, կառոյցներու ներկայացուցիչներուն:
Հրանոյշ Յակոբեան կը մասնակցի Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի արդիւնքներու ամփոփման, որուն աւարտին տեղի կ’ունենայ «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք» օրաթերթերու հարցազրոյցը նախարարին հետ:
Երեկոյեան Հրանոյշ Յակոբեան կը մասնակցի «Բազմաձայն զրոյց. Հայաստանի անկախութեան 25 տարիները (իրագործումներ, բացթողումներ, հեռանկարներ)» ձեռնարկին:
Դեկտեմբեր 13-ին Հրանոյշ Յակոբեան Պէյրութի Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» բարձրագոյն վարժարանին մէջ կը մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման նուիրուած յատուկ ձեռնարկին:
Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարը կը հանդիպի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ:
Նոյն օրը Հրանոյշ Յակոբեան կ’այցելէ Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարան, ծաղկեպսակ կը զետեղէ վարժարանի բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին առջեւ, հանդիպում կ’ունենայ ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն հետ:
Երեկոյեան նախատեսուած է Սփիւռքի նախարարի այցելութիւնը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Լեւոն Շանթ» կեդրոն: