Ամէն Օր Զգալով Հայկականութեան Շունչը. Սփիւռքահայ Պատանիները Հայրենիքի Մէջ են
Յուլիս 23-ին մեկնարկեց սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի անցումային 3-րդ փուլը, որուն կը մասնակցին 33 պատանիներ Ռուսաստանէն, Մոլտովայէն, Լաթվիայէն, Պելճիգայէն եւ Ֆրանսայէն:
Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցները` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան նշեց. «Ես նոյնպէս Սփիւռքի մէջ ծնած եմ, սակայն արդէն 6 տարի կ՛ապրիմ Հայաստանի մէջ: Առաջին այցս հայրենիք ամենատպաւորիչը եղած է, ու հէնց ատոր հիման վրայ որոշած եմ վերադառնալ: Յոյսով եմ` այստեղ սերտ կապեր կը ստեղծէք, ու երբ կ՛երթաք ձեր բնակութեան երկիր, կը զգաք, որ Հայաստան ձեր տունն է»:
Արիտունցիները ողջունեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Երեմ Սիմոնեան: Ան ընդգծեց, որ ծրագիրի իւրաքանչիւր օրուայ ընթացքին հայրենիքը նորովի կը բացայայտուի մասնակիցներուն համար, ու անոնք ամենուրէք կը զգան հայկականութեան շունչը:
Սփիւռքահայ երիտասարդները ասմունքեցին, ներկայացան ազգային պարերու կատարումներով: