Կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան 2014թ. Ծրագիրներուն Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիսը

Մայիս 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ  «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի եւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ  նշանակալի աւանդի համար»  2014թ մրցանակաբաշխութեան վերաբերեալ մամլոյ ասուլիսը: Գլխաւոր բանախօսը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան համառօտ ներկայացուց  ծրագիրները եւ նշեց, որ ատոնք հիմնականին մէջ ուղղուած են հայապահպանութեան խնդիրներու լուծման:

Խօսելով «Արի տուն» ծրագիրի մասին Ֆ. Զաքարեան նշեց, որ այս տարի ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 13-18 տարեկան երիտասարդները: Սիսիան հռչակուած է երիտասարդութեան մայրաքաղաք եւ առաջին անգամ այնտեղ եւս արիտունցիներու մասնակցութեամբ պիտի կազմակերպուին ձեռնարկներ եւ հանդիպումներ:

Առաջին անգամ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս  Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուի Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) իսլամացած հայերու 40-50 մարդոցմէ բաղկացած խումբ մը: Յունիս 29-ին Տիարպեքիրի մէջ պիտի կազմակերպուի համերգ:

«Արի տուն»  ծրագիրը այս տարի եւս կ’իրականացուի 8 փուլով: Այն կը մեկնարկէ  յունիս 15-ին եւ կ’աւարտէ օգոստոս 30-ին: Կը սպասուի մինչեւ 1000 սփիւռքահայ երիտասարդի մասնակցութիւն:

Գլխաւոր բանախօսը ներկայացուց նաեւ մայիսին կազմակերպուող ձեռնարկները: Մայիս 21-24 «Համայնքային օրեր» ծրագիրի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուին Նոր Ջուղայի մշակութային օրեր: Մայիս 26-27-ին տեղի կ’ունենայ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` տարածաշրջանային յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներու համաժողով: Մայիս 27-ին կը կայանայ պետական յանձնաժողովներու նիստը:

«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը ներկայացուց ծրագիրի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան: Բանախօսը կարեւոր համարեց փառատօնի շնորհիւ Հայաստան-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդումը: Այս տարի ընդլայնուած է մասնակիցներու թիւը եւ աշխարհագրութիւնը:  Ծրագիրը կը մեկնարկէ յուլիս 1-ին եւ կ’ընթանայ 5 փուլով` «Պարարուեստի օրեր» «Խմբերգային արուեստի օրեր»,  «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն», «Հայ երգի օր», «Ասմունքի երեկոյ» նուիրուած Սիամանթոյի ծննդեան օրուան:

«Պարարուեստի օրերու» պատասխանատու Կարէն Գէորգեան նշեց, որ այս տարի կրկնապատկուած է մասնակիցներու թիւը` փառատօնին պիտի մասնակցի շուրջ  600 պարող ԱՄՆ-էն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Քուէյթէն, Իրանէն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Փառատօնի գերխնդիրը մեր մշակոյթի վաղուան օրը վերաիմաստաւորելն է: Բոլոր մասնակիցներուն կը մաղթեմ ստեղծագործական վառ երեւակայութիւն»:

Գեղարուեստական խորհուրդի անդամ Լիլիթ Դանիէլեան նշեց, որ «Խմբերգային արուեստի օրերը» կը մեկնարկեն օգոստոս 1-ին եւ նուիրուած են մաեսթրօ Յովհաննէս Չէքիջեանի 85 ամեակին:

Խօսելով «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօնի» մասին գեղարուեստական խորհուրդի անդամ Գէորգ Դաբաղեան նշեց, որ այս տարի փառատօնին պիտի մասնակցին նաեւ տուտուկահարներ ԱՄՆ-էն, Աւստրալիայէն, Ռուսաստանի Դաշնութենէն եւ Արցախէն:

Համահայկական ծրագիրներու վարչութան պետ Արմէն Անդրէասեան ներկայացուց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, որ 2014թ. կ’իրականացուի վեց ուղղութիւններով` «Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստում», «Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք», «Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք», «Հայոց լեզուի (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացներ», «Ազգային երգի, պարի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք»: Այս տարի աւելցած է  «Սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ աշխատակիցներու վերապատրաստման» դասընթացքը: Արդէն ստացուած է 90 յայտ 14 երկրէ: Կը սպասուի 200-է աւելի մասնակից:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար»   մրցանակաբաշխութիւնը ներկայացուց  համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան:  2014թ. Պիտի իրականացուին «Մայրենիի պաշտպան», «Լաւագոյն ամենօրեայ  կրթօճախ»,  «Լաւագոյն լրատուամիջոց» անուանակարգերով, եւ «Մենք եղել ենք, մենք կանք, մենք կը լինենք» խորագիրով ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած շարադրութիւններու մրցոյթները: Բանախօսը նշեց, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին նոր միտումներ կը նկատուին. շատ կառոյցներ, անհատներ իրենց դրամական պարգեւները կը փոխանցեն սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներու վերանորոգման, սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամին:

«Նոր Ջուղայի մշակութային օրեր» ծրագիրը ներկայացուց համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Կամօ Սարգսեան:

Ան նշեց, որ մայիս 21-ին տեղի կ’ունենայ Աննա Մայիլեանի «Իրանահայ երգահաններու ռոմանսներ» խորագիրով մենահամերգը:  Ծրագիրի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Իրանի հայ համայնքը արդի փուլին մէջ»,  «Կարինի նահանգը 19-րդ դարու երկրորդ կէսին» գիրքերու շնորհանդէսը: Մայիս 23-ին Մատենադարանին մէջ պիտի կազմակերպուի Նոր Ջուղայէն բերուած  Աւետարանի ու այլ ձեռագիր մատեաններու  ցուցադրութիւն, «350-ամեայ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ դերը իրանահայութեան կեանքին մէջ» միջազգային գիտաժողով: Մայիս 24-ին «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նոր Ջուղայի հայ համայնքին եւ Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած շարժանկարի դիտում, համերգ Սպահանի «Կոմիտաս» երգչախումբի  եւ Աննա Մայիլեանի մասնակցութեամբ: Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահի ճեմասրահին մէջ կը բացուի «Նոր Ջուղայի հայ համայնքի անցեալը»  խորագիրով ցուցահանդէս:

Կը ձեռնարկուին քայլեր Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցին համահայկական ուխտավայր դարձնելու ուղղութեամբ:  Որպէս առաջին քայլ` ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ պիտի կազմակերպուի ուխտագնացութիւն ՀՀ ՍՆ ծրագիրներու շահառու իրանահայ երիտասարդներու մասնակցու­թեամբ: Պիտի տպագրուի Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ նուիրուած Թերթօն, պիտի թողարկուին Նոր Ջուղայի հայ համայնքին եւ Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ նուիրուած յոբելեանական նամականիշներ:

Վերջաւորութեան բանախօսները պատասխանեցին լրագրողներու հարցերուն` ծրագիրներու ֆինանսաւորման, «Արի տուն» ծրագիրին իսլամացած հայերու մասնակցութեան վերաբերեալ:

 

 

 

Scroll Up