«Ատանա» Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Նոյեմբեր 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռուսաստանի Դաշնութեան Տոմոտետովոյի տարածաշրջանի նորաստեղծ «Ատանա» հայ ազգամշակութային համայնքի կանանց խորհուրդի նախագահ Հռիփսիմէ Համբարեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց նորաստեղծ համայնքի` հայապահպանութեան ուղղուած նախաձեռնութիւնները, կազմակերպուածութիւնն ու համախմբուածութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ համայնքում հայապահպան ակտիւ գործունէութիւն էք ծաւալել, ինչի վկայութիւնը նաեւ նորաբաց կիրակնօրեայ դպրոցն է, որի աշակերտների թիւն ամէն կիրակի աւելանում է: Մենք սիրով կը տրամադրենք լրացուցիչ դասագրքեր, որքան, որ անհրաժեշտ է: Երեխաները, երիտասարդները պէտք է հայերէն սովորեն ու խօսէն: Եկեղեցին, դպրոցը պէտք է աշխատեն այդ ուղղութեամբ: Կարեւոր են ազգային ինքնութեան եւ  լեզուի պահպանութիւնը: Հայութեան, հայ ինքնութեան ողնաշարը լեզուն է: Երեխաներին պէտք է հայերէն սովորեցնել` երգ ու պարի, խաղերի միջոցով: Այդպէս պահպանւում է ոչ միայն լեզուն, ազգային աւանդոյթները, այլեւ հայկական միջավայր է ստեղծւում»:

Հռիփսիմէ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացնելով կատարած աշխատանքները, ձեռքբերումներն ու նոր ծրագիրները` շեշտեց. «Սիրով կ’ուզեմ հրաւիրել Ձեզ մասնակցելու «Ատանա» հայ ազգամշակութային համայնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան եւ «Հայաստան` սէր առաջին հայեացքէն» խորագիրով ցուցահանդէսին: Համայնքը նախատեսած է ձեռնարկներու հարուստ ծրագիր, եւ մենք կարեւոր կը համարենք Հայաստանի ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը հանդիսութիւններուն»:

Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքի առաւել աշխոյժ մասնակցութեան, յետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպական հարցեր:

Scroll Up