Մեկնարկեց «Արի Տուն-2018» Ուսումնաճանաչողական Ծրագիրի 2-րդ Փուլը

Յուլիս 9-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային փուլը, որուն կը մասնակցին 30 սփիւռքահայ պատանիներ Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Հունգարիայէն, Պելճիգայէն, Ֆրանսայէն, Մակետոնիայէն:

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ողջունեց երիտասարդները` ցանկալով, որ անոնք աւելի լաւ ծանօթանան իրենց հայրենիքին, սիրեն զայն ու կրկին ցանկան վերադառնալ: «Սա նոր Հայաստանն է, ուր երկրի տէրը մենք բոլորս ենք: Այսօր փողոցով քալելնուդ` կը տեսնէք ժպտացող մարդոց, որոնք ուրախ են, որ հայ են եւ կ՛ապրին Հայաստանի մէջ: Վստահ եմ, որ դուք պիտի սիրահարուիք Հայաստանին: Թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ այսօր ամբողջ աշխարհ կը  խօսի Հայաստանի մասին, վստահ եմ, որ ձեր շնորհիւ նոյնպէս պիտի լսեն ու ճանչնան Հայաստանը: Սա մեր բոլորի յաղթանակն է: Այս օրերուն ընթացքին կը բարելաւէք լեզուի ձեր իմացութիւնը, կ’այցելէք Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, սակայն պիտի խնդրեմ, որ շատ շփուիք հասարակ մարդոց հետ, ճանչնաք ձեր հայրենիքը աւելի խորքէն»,- նշեց Մխիթար Հայրապետեան:

Ծրագիրին ընթացքին մասնակիցները կ՛այցելեն Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, թանգարաններ, կ’այցելեն «Թումօ» կեդրոն,  Սուրբ Էջմիածին, ճատրակի մրցախաղ կ’ունենան Սփիւռքի նախարարին հետ, կը հանդիպին մշակոյթի գործիչներու:

Scroll Up