Տեղի Ունեցաւ Պոլիսէն Ժամանած «Ոմանք» Այլընտրանքային Երաժշտախումբի Մամլոյ Ասուլիսը

Յունիս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Պոլսէն ժամանած «Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտախումբի մամլոյ ասուլիսը: Բանախօսներն էին երաժիշտներ Լարա Նարինը, Սարօ Ուսթան, Սեւանա  Չաքրեան եւ պոլսահայ լրագրող Սեւան Աթաօղլուն:

Ասուլիսի նպատակն էր ներկայացնել «Ոմանք» խումբի հայաստանեան շրջագայութիւնը, որուն ընթացքին` յունիս 9-15, խումբը համերգային ծրագիրներով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ (յունիս 14), Գիւմրիի (յունիս 10) եւ Վանաձորի մէջ (յունիս 12):

Անդրադառնալով այլընտրանքային երաժշտախումբի գործունէութեան` երաժիշտները նշեցին, որ այն արդէն 8 տարուան պատմութիւն ունի եւ կազմաւորուած է հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն մէկուն` Պոլսոյ մէջ, ուր խումբն իր երգերով կը փորձէ պատմել իր բնակավայրի ու աշխարհի մասին, կը հնչեցնէ Դանիէլ Վարուժանի եւ հայ գրականութեան այլ մեծերու բանաստեղծութիւններու հիման վրայ ստեղծուած կատարումներ, կ՛երգեն նաեւ Սայաթ-Նովա:

Խումբի մենակատար Լարա Նարինը ընդգծեց, որ «Ոմանք»-ը  Պոլսոյ մէջ  կազմակերպած է բազմաթիւ համերգներ, որոնց մեծ սիրով կը մասնակցին ոչ միայն հայ համայնքի ներկայացուցիչները, այլեւ թուրքերը, քիւրտերը եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող այլ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Լարա Նարինը կարեւոր համարեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ իրականացուած թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ մեծ խանդավառութեամբ  եկած են հայրենիք եւ ուրախ են իրենց ունկնդիրներու աչքերուն մէջ տեսնել հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն:

Բանախօսները շեշտեցին, որ խումբի երգացանկին մէջ կան եւ՛ հայերէն, եւ՛ թրքերէն հեղինակային երգեր, իսկ «Ոմանք»-ի երկրպագուները հիմնականին մէջ անոնք են, որոնք անցեալի պատմութեան հետ միասին ունին նաեւ ապագայի երազանք:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ համերգային շրջագայութեան ընթացքին «Ոմանք»-ը կը ներկայացնէ իր նոր «Բանալիք» ալպոմը: Շրջագայութիւնը կ՛իրականացուի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Տայլայլ-Սեւան Աթաօղլուի մասնակցութեամբ, նաեւ  շարք մը ընկերութիւններու եւ անհատներու օժանդակութեամբ:

Scroll Up