Հրանուշ Յակոբեան Պըրրիին Առաջարկեց Բարձրաստիճան Պատուիրակութեամբ Մը Լիբանանը Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումէն ետք Հ. Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ինք կը գտնուի տարածութեամբ փոքր երկիր Լիբանանի մէջ, ուր սակայն տասնեակ հազարաւոր հայեր կ՛ապրին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի, որուն նախագահութեան օրով` 1997-ին եւ 2000-ին, Լիբանանի խորհրդարանը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւեր:
«Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահին ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք պետական եւ կառավարական ձեռնարկներուն ծրագիրները: Այդ ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ մարտ 18-20-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ լրագրողներու ֆորումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի չորս կողմերէն 150 լրատուամիջոցներ, որոնցմէ 7-ն` լիբանանեան», ըսաւ Հ. Յակոբեան:
Ան հաստատեց նաեւ, որ ինք Նեպիհ Պըրրիին առաջարկած է բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ Լիբանանը ներկայացնել 24 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին:
Սփիւռքի նախարարը աւելցուց նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Ցեղասպանութեան դէմ պայքար» խորագիրը կրող խորհրդաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին 100-ամեակի նշումին իրենց մասնակցութիւնը բերող պաշտօնական պատուիրակութիւնները:
Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ պատարագի մը ընթացքին պիտի կատարուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն սրբադասումը:
Ազդակ