Սիտնիի «Արշակ Եւ Սոֆի Գոլստըն» Ամէնօրեայ Վարժարանի Սաներն Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/sidney.jpg)
Յուլիս 2-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Սիտնիի «Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն» ամէնօրեայ վարժարանի սաները` տնօրէն Էդուարդ Տէմիրճեանի եւ մանկավարժներու ուղեկցութեամբ:
Նախարարը ողջունեց հիւրերը ու հետաքրքրուեցաւ Հայաստանէն անոնց ստացած տպաւորութիւններով: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ այսպիսի պայծառ երեխաներու հետ ծանօթացայ: Առաւօտեան «Արի տուն» ծրագիրի անցումային փուլի մեկնարկէն ետք տրամադրութիւնս աւելի բարձրացաւ»:
Նախարարը ներկայացուց նոր` «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը եւ հրաւիրեց մասնակցելու այդ ծրագիրին նոյնպէս:
Մխիթար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրինութեան` Աւստրալիոյ մէջ հայապահպանութեան ուղղուած ազգանուէր գործունէութեան համար:
«Որպէս պետութիւն` պէտք է գերխնդիր սահմանենք նաեւ հայու տեսակի զարգացումը, հայակերտումը: Սփիւռքի նախարարութիւնն աշխատանք կը տանի Սփիւռքի մէջ հայկականութիւնը ուժեղացնելու ուղղութեամբ: Մեր նպատակն է կերտել այնպիսի հզօր Հայաստան, որ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու թիկունքին` սիրով ու հոգատարութեամբ: Այդ ամէնուն պիտի հասնինք միասնականութեամբ ու աշխատանքով: Ես այստեղ եմ ծառայելու իւրաքանչիւրիդ: Պետութեան ու հայ ժողովուրդին ծառայելը մեծագոյն երջանկութիւն է», – աւելցուց Սփիւռքի նախարարը:
Աշխոյժ ու անբռնազբօս զրոյցի ընթացքին երեխաները պատմեցին իրենց տպաւորութիւններուն, սպասումներուն ու երազանքներուն մասին:
«Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն» ամէնօրեայ վարժարանը հիմնադրուած է 1986թ. Սիտնիի մէջ` ազգային բարերարներ Սոֆի եւ Արշակ Գոլստըններու (Գալստեաններ) նուիրատուութեամբ, Համազգային մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ: Վարժարանին մէջ կը դասաւանդուի հայոց լեզու, պատմութիւն, կրօն: