Իրանի Մէջ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն այցելեց “Ալիք” Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 23-ին ՀՀ վարչապետ Հ. Աբրահամեանի պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Իրան ժամանած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց “Ալիք” հաստատութիւն, Հրայր Մարուխեանի անուան սրահէններս հանդիպեցաւ “Ալիք”-ի աշխատակազմի եւ հաստատութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Հաստատութեան աշխատակազմի անունով նախարարին ողջոյնի խօսք ուղղեց Թովմաս Թովմասեան` անդրադառնալով ՀՅԴ-ի կողմէն ազգային արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:

“Ալիք” օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան իր ելոյթի մէջ կարեւորեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Հայաստան-սփիւռք կառուցողական համագործակցութեան զարգացումը` անոր վառ ապացոյցը համարելով Հայաստան-սփիւռք հերթական 5-րդ Համահայկական խորհրդաժողովի բարձր մակարդակով իրականացումը: Ան բարձր գնահատեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի անխոնջ ջանքերը` ուղղուած Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ աշխուժացման: Ներկաները ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. “ինձ համար հաճելի է լինել մի թերթի խմբագրատանը, որը պատիւ է բերում մեր ազգին”: Նախարարը կարեւորեց իրանահայութեան դերը` Իրան-Հայաստան սերտ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման գործին մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովի նպատակներու մասին եւ անդրադարձաւ այն 7 հարցադրումներուն, որոնք արծարծուեցան վերջին խորհրդաժողովի ընթացքին, որոնք են Հայաստանի զարգացում, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր, Սփիւռքի կազմակերպում, Ցեղասպանութեան հիմնախնդիր, եւ ցանկութիւն յայտնեց, որ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները այս հարցերու շուրջ քննարկումներ ձեռնարկեն:

Նախարարը նաեւ կարեւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախարարութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Նոյն օրը ՀՀ սփիւռքի նախարարը այցելեց Սասուն քաղաքամաս, ծանօթացաւ “Ա. Աւետիսեան” ազգային բուժարանի, Հ. Մ. “Սիփան միութեան ու Հ. Մ. Մ. “Րաֆֆի” համալիրի աշխատակազմին եւ գործունէութեան:

Scroll Up